2015-01-31 11:31:20

Ա. Կիրակի Զկնի Առաջաւորի
Յովհաննէս. 6, 22-38


«Գացէք աշխատեցէք ոչ թէ կորնչական կերակուրին համար, այլ այն կերակուրին` որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին համար»:
Անցեալ Կիրակի, տեսանք թէ ինչպէս Հրեաները, առ ի վարձատրութիւն Յիսուսին կատարած հրաշքին` կերակրումը հինգ հազար հոգիի, ուզեցին զինք յափշտակել, Երուսաղէմ տանիլ ու հոն թագաւոր հռչակել, որովհետեւ անոր մէջ գտած էին անոնց մարմիններուն շահը եւ գոհացումը: Սակայն մեր Տէրը Յիսուս ամբոխէն խոյս կու տայ, վախնալով որ ժողովուրդին այդ նիւթապաշտ եւ շահախնդիր խանդավառութիւնը խափանէ իր հոգեւոր նպատակը:
Նոյն այս ժողովուրդը ահաւասիկ այսօրուայ աւետարանին մէջ, նորէն Յիսուսին ետեւէն կ՛երթայ, եւ իրենց մտքին նպատակը եւ վախճանը, նոյն եւ նման է` հաց ունենալ, կերակուր ունենալ առանց որեւէ յոգնութեան եւ աշխատանքի: Եւ ահաւասիկ Քրիստոս խստիւ զիրենք կը հանդիմանէ ըսելով, թէ զիս կը փնտռէք ո՛չ որովհետեւ կատարած հրաշքս տեսաք, Աստուծոյ հոգեւոր թագաւորութիւնը չէ որ կը փնտռէք. զիս կը փնտռէք որովհետեւ հաց կերաք եւ կրկին ձեր փորերը անօթեցան: Եւ կը թելադրէ զանոնք որպէսզի աշխատին ու գործեն ո՛չ թէ կորնչական, անցողական եւ ժամանակաւոր կերակուրին, այլ խօսքով` մարմնաւոր շահին համար, այլ այն հոգեւոր սնունդին որ կը մնայ յաւիտենական կեանքին համար:
Ի՞նչ է այդ սնունդը, որուն մասին Յիսուս կը խօսի:
Այդ սնունդը նոյինքն Յիսուսն է. « Ես եմ կեանքի հացը, ով որ ինծի գայ, երբեք պիտի չանօթենայ, եւ ով որ ինծի հաւատայ, երբեք պիտի չծարաւնայ»: Հետեւաբար, ինչպէս որ հացը հիմնական է մեր սեղանին, նաեւ Քրիստոս պէտք է դառնայ մեր կեանքին հացը, մեր կեանքին կեդրոնը: Մեր կեանքին ու հոգիին գլխաւոր սնունդը: Այս աշխարհի վրայ ամէն ինչ անցաւոր է. Իշխանութիւնը, դրամը, աշխատանքը, բարեկամութիւնները, սէրը, պատիւը, նոյնիսկ մեր մարմինները, որոնք ուշ թէ կանուխ հողին տակ պիտի անցնին եւ այլն: Այս բոլորին մէջ մէկ բան կայ որ կը մնայ անմահ` հոգին: Ան պէտք ունի սնունդի, հոգեւոր սնունդի, եւ այս հոգեւոր սնունդը ուրիշ չէ եթէ ո՛չ Տիրոջ խօսքը, Անոր Վարդապետութիւնը աղքատութեան, խոնարհութեան, մահացուցումի, նեղութեան, համբերութեան, չարչարանքի եւ խաչը զօրութեան: Այս բոլոր առաքինութիւնները ապրեցաւ` Քրիստոսի մեծագոյն եւ ամէնէն եռանդուն առաքեալը` Պօղոս, որ այսօրուայ ընթերցուածին մէջ լսեցինք ինչպէս իր աշակերտին` Տիմոթէոսին կը գովէ, որովհետեւ առանց երկմտութեան հետեւեցաւ Իրեն, Իր վարդապետութեան, Իր ծրագիրներուն, Իր համբերութեան, Իր հալածանքներուն, եւ Իր նեղութիւններուն: Որքան ալ ցաւ եւ չարչարանք կրեց սակայն Տէրը փրկեց զինք, եւ կը շարունակէ ըսելով. «Անոնք որ կ՛ուզեն Աստուածապաշտութեամբ ապրիլ Քրիստոսի մէջ պէտք է հալածուին»:
Պատգամը մէկ է սիրելիներ. Այս աշխարհի վրայ ամէն բան ժամանակաւոր է, ամէն բան կորնչական է, դրամը, հարստութիւնը, մարմնաւոր շահը, ցաւը եւ տառապանքը, ուրախութիւնը, յաջողութիւնն ու ձախողութիւնները եւ սակայն Աստուծոյ խօսքերը յաւիտենական են, ժամանակէն դուրս են: Անոր խօսքերը մեր բոլորիս ծառաւը եւ անօթութիւնը կը յագեցնեն: Մեզի մխիթարութիւն կու տան, ուժ կը ներշնչեն, սակայն միեւնոյն ատեն ցաւ եւ յօգնութիւն կը պատճառեն: Մենք մեզ չխաբենք կարծելով որ մեր կեանքը պէտք է անցնի առանց ցաւի, առանց տառապանքի: Կեանք մը առանց ցաւի իմաստ չունի, որովհետեւ ապրիլ կը նշանակէ, տառապիլ: Մէկ անգամ պիտի ապրինք. սիրենք մեր կեանքը, ինչպէս որ է. սիրով եւ համբերութեամբ ընդունինք Աստուծոյ մեզի տուած խաչը, եւ փնտռենք կեանքի մնայուն ու արժէքաւոր սնունդը, որ է Քրիստոս. ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.