2015-01-30 12:35:57

Ֆրանչիսկոս Քահանայապտեի 30 յունուարի քարոզը՝
՝՝Յիշողութիւն եւ Յոյս՝ Քրիստոնէական կեանքի հիմնական դրսեւորումներ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 30 յունուարի առաւօտեան, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր քարոզը ուղղեց ներկաներուն, յորդորելով զանոնք՝ որ միշտ պահպանեն Քրիստոսի հետ առաջին հանդիպման յիշողութիւնը եւ յոյսը Քրիստոսի վրայ, որ մեզ կը մղէ՝ մեր կեանքին մէջ քաջութեամբ յառաջ տանելու հաւատքը։
Օրուան Ս. Պատարագի ընթերցուածը Պօղոս Առաքեալի Եբրայեցիներու նամակէն էր, ուր առաքեալը կը գրէ՝ ՙԱրդ, յիշեցէ՜ք առաջին օրերը, երբ դեռ հազիւ լուսաւորուած՝ բազում տքնութիւններու եւ չարչարանքներու համբերեցիք … Արդ՝ մի կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, որուն մէջ մեծ վարձատրութեան հատուցում կայ։ Ձեզի համբերութիւն պէտք է, որպէսզի, Աստուծոյ կամք կատարելով՝ հասնիք անոր խոստումին։՚ (Եբր Ժ. 32-39) Սրբազան Պապը իր խօսքին մէջ ըսաւ՝ ՙայն անձը, որ չի յիշեր իր առաջին սիրոյ օրերը, չի կրնար լրջօրէն սիրել։ Քրիստոնեայ մը՝ առանց յիշողութեան դատարկ անձ մըն է, հոգեպէս ծոյլ եւ գաղջ։
Դուք ստացաք Քրիստոսի լոյսը՝ այն օրն իսկ երբ առաջին անգամ հանդիպեցաք իրեն։ Այդ օրը կարելի չէ մոռնալ, որովհետեւ մեծ երջանկութեան օր մըն է՝ լի քաջութեամբ, խանդավառութեամբ, անկեղծութեամբ։
Պէտք է յիշել միշտ այն շնորհքը, որ ստացանք։ Պէտք չէ սայթաքինք գաղջութեան վիճակի մէջ։ Գաղջ քրիստոնեաները խեղճ են եւ վտանգուած։
Երբ կը կորսնցնենք առաջին խանդավառութիւնը եւ քաջութիւնը՝ չարն է որ մուտք կը գործէ մեր սրտէն եւ հոգիէն ներս։
Հետեւաբար Քրիստոնեան միշտ պէտք է մնայ այս յիշողութեան եւ յոյսին մէջ։՚
Սրբազան Քահանայապետը ապա յիշեց օրուան Մարկոսի Աւետարանի ընթերցումը՝
(Մրկ Դ. 26-34), ուր Յիսուս մանանեխի սերմին առակը կը պատմէ։ Ան ըսաւ որ յիշողութիւնը եւ յոյսը մեր հաւատքը կ’աճեցնեն եւ կը զօրացնեն։ Մինչ անոնց բացակայութիւնը կը վնասէ հոգիին։
Եզրափակելով քարոզը, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ՝ ՙխնդրենք Տիրոջմէ շնորհք՝ պահպանելու համար փրկագործութեան պարգեւը։՚







All the contents on this site are copyrighted ©.