2015-01-30 10:03:21

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Փետրուար ամսուայ արարողութիւններու յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 27 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ծիսական արարողութիւններու գրասենեակը հրատարակեց Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ կատարուելիք արարողութիւններու յայտագիրը որուն մէջ նշուած է.
Երկուշաբթի, 2 փետրուար 2015ին, Տեառնընդառաջի եւ կրօնաւորական կեանքին ԺԱ համաշխարհային օրուան առթիւ, յետմիջօրէին ժամը 5.30ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ կրօնաւորական կեանքի հաստատութիւններու եւ Առաքելական կեանքի ընկերակցութիւններու անդամներուն։

Կիրակի,8 փետրուար 2015 ին, յետմիջօրէին ժամը 04.00 ին Նորին Սրբութիւնը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի` Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետի անուան ժողովրդապետութեան։

Շաբաթ,14 փետրուար 2015ին,առաւօտեան ժամը 11.00ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ, Սրբազան Հայրը կը նախագահէ կարդինալական՝ վեհաժողովին, որուն ընթացքին տեղի կ՝ունենան կարդինալական անուամներ եւ Սուրբերու դատի հայող քննարկումներ։

Կիրակի, 15 փետրուար 2015ին, առաւօտեան ժամը 10.00ին , Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ նորին Սրբութիւնը կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը մասնակցութեամբ նոր նշանակուած կարդինալներուն։

Չորեքշաբթի, 18 փետրուարի 2015ին, օր մոխրոց է ։ Հռոմի Սուրբ Անսէլմօ պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, յետմիջօրէի ժամը 4.30 ին կը նախագահէ Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ` Հռոմի Սանդա Սապինա տաճարին մէջ, Ֆրանչսիսկոս Պապիը կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը հուսկ` մոխրոց օրհնութեան արարողութիւն։

22 փետրուար 2015ին, Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Արիչչա գիւղաքաղաքին մէջ, Վատիկանի վերին իշխանութեան անդամներուն հետ միասին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը մասնակցի սուրբ զատկուայ նախօրեակի հոգեւոր կրթութեան որ վերջ կը գտնեն ուրբաթ` 27 փետրուարին։







All the contents on this site are copyrighted ©.