2015-01-30 10:25:40

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր խոր ցաւը յայտնած է Մեքսիքօ Քաղաքի մէջ կազային պայթումի մը պատճառած զոհերուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 29 յունուարին, Մէքսիքոյի մէջ հիւադնանոցի մը մէջ կազային պայթումի պատճառով զոհ գացած անմեղներու՝ ի տես, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի միջոցաւ Սրբազան Պապը իր ցաւակցական պատգամը ուղարկած է Մեքսիքօ Քաղաքի Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Նորպերդօ Րիվերա Քարրերայի, իսկ Թուիթըրի միջոցաւ հրաւէր ուղղած է աղօթելու զոհերուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար որպէսզի Տէրը անոնց խաղաղութիւն եւ ուժ պարգեւէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.