2015-01-30 15:57:38

Հալէպի Հայ Կաթողիկէ թեմի Առաջնորդ՝ Արքեպիսկոպոս Պետրոս Միրիաթեանի հարցազրոյցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 30 յունուարին, Հռոմի մէջ, Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Պետրոս Միրիաթեան հարցազրոյց մը տուած է իր թեմի եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ անցուդարձերու վերաբերեալ։
Արհիապատիւ Արքեպիսկոպոսը հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է թէ ժողովուրդի վիճակը միշտ աւելի կը վատթարանայ, որովհետեւ կեանքի պայմանները միշտ աւելի դժուարին եւ տաժանելի կը դառնան։ Ժողովուրդը ոչ միայն զրկուած է ելեկտրական հոսանքէ եւ ջուրէ, այլ ներկայիս, ձմեռնային ցուրտին դէմ պաշտպանուած չէ վառելանիւթի եւ հետեւաբար ջեռուցման չգոյութեան պատճառով։
Արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հակամարտութիւններու ընթացքին քրիստոնեայ շրջաններն են, որ պայքարող ուժերու միջեւ կը գտնուին եւ ռմբակոծումներու ստուար մէկ մասի մը թիրախ դարձած են։ ''Իմ տաճարս ալ ռումբերու կործանարար ուժին ենթարկուած է'' ըսաւ Արքեպիսկոպոսը աւելցնելով՝ թէ ''կարելի չէ խօսիլ մէկ ընդդիմադիր շարժումի մասին, որովհետեւ կան բազմաթիւ խմբակներ եւ խմբակցութիւններ, որոնք անկարելի կը դարձնեն բանակցութիւնները''։
Մեր երազը, մեր իղձը եւ մեր սրտի բաղձանքն է, ըսած է Արհ. Արքեպիսկոպոսը, որ վերադառնանք բնականոն կեանքի եւ երկիրը վերջապէս խաղաղի։ Սակայն այս մէկը կախեալ է մեծ ուժերէ եւ պետութիւններէ, որոնք իրենց խաղերը կը կատարեն։ Նախ անոնք պէտք է համաձայնին, ապա նաեւ մենք կ’ընթանանք դէպի խաղաղութեան վերահաստատումը։
Խօսելով եկեղեցւոյ կատարած մարդասիրական գործունէութեան, Արհ. Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան յայտնած է՝ թէ եկեղեցին ներկայիս վերածուած է մեծ Քարիթաս՚ի մը, ուր ժողովուրդը կը ստանայ հարկաւոր օգնութիւնները եւ զօրակցութիւն։ Անոնք կարիքը չունին միայն բարոյական քարոզներու եւ աղօթքի, այլ մեծ կարիք՝ օգնութեան։ Իւրաքանչիւր եկեղեցի եւ իւրաքանչիւր արքեպիսկոպոս բացած է օգնութեան կենդրոններ՝ առանց որեւէ խտրականութեան։ Հոն կ՛ընդունուին նաեւ իսլամներ, ուղղափառ քրիստոնեաներ եւ բողոքականներ։
Արքեպիսկոպոսը անդրադառնալով ժողովուրդի անորոշ վիճակին յայտնած է, թէ ժողովուրդէն շատեր կը դիմեն իրեն, հարց տալով՝ թէ այս պայմաններու մէջ ի՞նչ որոշում առնեն՝ մնա՞ն երկրին մէջ եւ կամ թողուն երկիրը։ Անշուշտ իւրաքանչիւրը ինքն է որ որոշում պիտի գոյացնէ։ Անոնք, որոնք կ’որոշեն մնալ՝ կրնան վստահիլ եկեղեցւոյ թիկունքին։
Վերջապէս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան շեշտեց հաշտութեան անհրաժեշտութեան վրայ, որ կը նախատեսէ ներողամտութեան կեցուածք։ Բոլորը պէտք է ներեն իրարու։ Միայն ներումի ճամբով կրնանք հաշտուիլ եւ նոր կեանք մը սկսիլ։








All the contents on this site are copyrighted ©.