2015-01-29 13:07:56

Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական հանդիպումները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 29 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանացումի ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ֆիլոնին որ վերջերս հովուական այցելութեամբ մեկնած էր Վիէթնամ ուր հանդիպումներ ունեցած էր տեղական եկեղեցւոյ պատասխանատուներուն ու հաւատացեալներուն հետ.
Սրբազան Հայրը ապա ընդունեց Քոնկոյի եւ Քապոնի մօտ առաքելական նուիրակը գերապայծառ Եան Ռոմէօ Փավլովսքին ու ապա Պրազիլի Պելօ Հորիզոնդէ թեմի Արքեպիսկոպոսը` գերապայծառ Վալմօր Օլիվիէրա Տէ Ացէվետոն եւ Իտալիոյ Ալպենկա-Իմբերիա թեմին օգնական եպիսկոպոս` գերապայծառ Կուլիէլմօ Պորկեթթին։
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաժեշտի առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց Քոլոմպիայի դեսպան` Տիար Ճերման Քարտոնա Կութիէրէսի, հուսկ ընդունեց Ծերակուտական Քլուատիօ Զինը ու անոր ընկերացող Իտալա-լատին ամերիկացի երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը։
Յայտնենք թէ չորեքշաբթի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսէրրին ու ենթաքարտուղար գերապայծառ Ֆապիօ Պենէն որ ամենայն հաւանութեամբ Նորին Սրբութեան փոխանցեցին ընտանիքին նուիրուած յառաջիկայ հոկտեմբերին գումարուելիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նախապատրաստական աշխատանքներու գործընթացը։








All the contents on this site are copyrighted ©.