2015-01-29 10:52:21

Վերանորոգուեցաւ Արաքս գետի ափին գտնուող Հովիւի մատուռը։


Իրանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման կազմակերպութեան եւ Արաքս ազատ գօտիի ջանքերով վերանորոգուեցաւ Հովիւի եկեղեցին եւ տեղադրուեցաւ անոր խաչը:
Իրանի եկեղեցիներու կեդրոնի տնօրէն Շերլի Աւետեան կը տեղեկացնէ. «Հովիւի կամ Անդէորդիի եկեղեցին կը գտնուի Հին Ջուղայի դիմաց՝ Արաքս գետի աջ ափին, գետափէն 120 մեթր հեռաւորութեան վրայ: Երեք կողմերէ շրջապատուած է ժայռերով եւ կառուցուած է թեք ձորալանջի վրայ: Իրանի Ջուլֆա քաղաքէն հինգ քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք: Ժողովրդական աւանդութեամբ անիկա կը կոչուի Հովիւի մատուռ կամ եկեղեցի: Մեկնելով այս եկեղեցիի աշխարհագրական դիրքէն, անիկա կը փոխանցէ հետեւեալ պատգամը Արաքս գետի միւս ափին գտնւող Ատրպէյճանին՝ որ հակառակ ձեզի, որ ոչնչացրուցած էք Հին Ջուղայի խաչքարերը, Իրանը կը վերանորոգէ մեր պատմական եկեղեցիները»:
Ս. Թադէոս Առաքեալի եւ Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանքային համալիրներու փաթեթի ծիրէն ներս Հովիւի մատուռը եւս 2008 թուականին արձանագրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի համաշխարհային յուշարձաններու ցանկին մէջ:
Իրանի Եկեղեցիներու կեդրոնը, որ Իրանի մշակութային ժառանգութիւններու յարակից բաժիններէն է, յարմար նկատած է Հովիւի եկեղեցւոյ մէջ վերանորոգչական աշխատանք ծաւալել:
Տիկին Աւետեան կ՛ըսէ. «Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը եղած է մեր մեծ մտահոգութիւններէն մէկը, քանի որ եկեղեցին բազմիցս փորձած են վերանորոգել, սակայն, քանի որ չեն եղած մասնագիտական նախագծումներ ու հաստատում ստացած գծագիրներ, այդ իսկ պատճառով յիշեալ վերանորոգումները եկեղեցին վնասելէն բացի որեւէ օգտակարութիւն չեն ունեցած: Այդ պատճառով մենք դիմեցինք Հայաստանի յուշարձաններու պահպանութեան վարչութեան, եւ մեզի ներկայացուցին խումբ մը ճարտարապետներ, որոնք բաւական մասնագիտացած էին, եւ 2013 թուականէն իրենց հետ պայմանաւորւեցանք: Շատ անգամներ այցելեցինք եկեղեցի, չափագրեցինք ամբողջութեամբ, եւ սկսաւ աշխատանքը: Քանի մը ամիսներու ընթացքին պատրաստուեցաւ վերանորոգման նախագիծը, որ թեքնիկ յանձնախումբերու կողմէ հաստատում ստացաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Իրանի մէջ: 2014ի Ապրիլ 25էն՝ որպէս խորհրդանշական օր, աշխատանքը սկսանք զայն նուիրելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Հայաստանէն հրաւիրեցինք երկու մասնագէտներ՝ Մարտին եւ Արմենակ Չոլաքեանները, որոնք բնիկ արցախցիներ են եւ շատ հմուտ իրենց աշխատանքներուն մէջ: Ութ ամիսներու ընթացքին, բոլոր աշխատանքները կատարուեցան, բոլոր սխալները շտկուեցան, քարերը համարակալուեցան եւ մէկ խօսքով՝ եկեղեցին վերակառուցուեցաւ: 2014ի Դեկտեմբերին, տեղադրուեցաւ եկեղեցւոյ խաչը, որ օծուած էր Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի ձեռամբ՝ Թաւրիզի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ եւ օրհնուելէն ետք տեղադրուեցաւ»:
Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքը ֆինանսաւորած են Իրանի Մշակութային ժառանգութեան պահպանման կազմակերպութիւնը եւ Արաքսի ազատ գօտին, որ իր մեծ ներդրումը ցուցաբերած է թէ՛ վերահսկողութեան եւ թէ նիւթական հարցով:
Այս գործի յաջողութեան համար իր ներդրումը չէ խնայած Ուրմիայէն երիտասարդ ճարտարապետ Կարէն Մկրտչեանը: Հայաստանէն աջակցած են ճարտարապետներ Սամուէլ Այվազեան եւ Աշոտ Սարգսեան:
Աւետեան կը յայտնէ, որ պէտք է վերաօծուի եկեղեցին եւ այդ հարցով միջամուխ է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդը:








All the contents on this site are copyrighted ©.