2015-01-28 09:11:18

''Քրիստոնեայ սուրիացիներու ելքը - Syria’s Christian Exodus'', Վաւերագրական ֆիլմի ներկայացումը Քահանայապետական Արեւելեան հաստատութեան կեդրոնի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 29 Յունուար 2015-ին, Քահանայապետական Արեւելեան հաստատութեան կեդրոնի մէջ, երեկոյեան ժամը 5.30-ին, ներկայացումը պիտի կատարուի ‘’Քրիստոնեայ սուրիացիներու ելքը’’ վաւերաժապաւէնին, մասնակցութեամբ Հալէպի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ` արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեանի, Քահանայապետական Արեւելեան հաստատութեան ուսուցչապետ` յիսուսեան հայր ֆիլիփ Լուիզիէի եւ ''մենաստաններու փրկիչ'' կազմակերպութենէն` տիկին Էլիզպեթթա Վալճուսդիի։
Վաւերագրական ֆիլմը ի յայտ կը դնէ Սուրիոյ քրիստոնեաներու ապրած ողբերգութիւնը ցոյց տալով սուրիացի փախստականներու իրավիճակը Լիբանանի, Յորդանանի ու Իրաքի մէջ։
Ժապաւէնը կը պատկերասփռէ կործանած ու հիմնայատակ եղած եկեղեցիները։ Փախստական սուրիացիները կը նկարագրեն ապրած սարսափը, ոճիրներն ու հալածանքը։
Սուրիոյ քրիստոնէութեան (ներկայի ու ապագայի) մտահոգիչ իրավիճակի մասին, Վաւերագրական ֆիլմին մէջ կ՛արտայայտուին Արեւելածէս պատրիարքներն ու եպիսկոպոսները` Մելքիդ պատրիարքը` գերերջանիկ Գրիգորիոս Գ. Լահամը, հայ կաթողիկէ պատրիարքը գերերջանիկ Ներսէս Պետրոս ԺԹ, Ասորիներու կաթողիկէ պատրիարքը Ինքնատիոս Յովսէփ Գ Եունան, Հալէպի թեմի հայ կաթողիկէ առաջնորդը`Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, Հալէպի մելքիդ թեմի առաջնորդը Կղմես մետրապօլիտ Ժանպարթ։ Ամէնքը վճռակամ արիութեամբ կ՛ամբաստանեն տարբեր խումբերու պատկան ծայրայեղ մահմետականներու գործադրած բռնութիւններն ու աւերները Սուրիոյ քաղաքներու ու գիւղերու մէջ։
Վաւերագրական ֆիլմին իրենց մասնակցութիւնն ու օժանդակութիւնը կը բերեն այլ համայնքներու կրօնապետեր. Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, Պէյրութի մարոնիներու թեմի առաջնորդը Փոլ Եուսէֆ արքեպիսկոպոս Մաթար, Ամմանի մելքիդ արքեպիսկոպոս` Եասէր ալ Աեաշ, Մուսուլի ասորի կաթողիկէ եպիսկոպոսը Պութրոս Մուշէս, Լիբանանի Գարիթասի նախագահ` հայր Փոլ Քարամ որ կը նկարագրէ մէկ ու կէս միլիոն սուրիացիներու Լիբանան ապաստանած շտապ օգնութեան հետեւանքները։
Իսկ Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Թուրքսոն կը մատնանշէ Հռոմի Եկեղեցւոյ յանձնառումը խաղաղութեան ի խնդիր։
“Syria’s Christian Exodus”, ‘’Քրիստոնեայ սուրիացիներու ելքը’’ Վաւերագրական ֆիլմէն ի յայտ կու գայ նաեւ քրիստոնեաներու դիմագրաւած ահեղ դժուարութիւնները Միջին Արեւելքին մէջ մնալու եւ գոյատեւելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.