2015-01-28 09:12:36

Սուրիայէն արձակուած երկու հրթիռներ ինկան բռնագրաւուած Կոլանի մէջ։


Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Սուրիայէն արձակուած երկու հրթիռներ ինկած են բռնագրաւեալ Կոլանի Հերմոն լերան եւ բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ գտնուող Միրոմ Աղկոլան բնակեցման վայրին միջեւ երկարող տարածքին մէջ:
Իսրայէլեան բանակը շուրջ հազար իսրայէլացի հեռացուցած է Հերմոն լերան վրայ գտնուող չմշկումի վայրէ մը եւ բոլոր հողագործներուն հրամայած է Քընայթրայի սահմանակից վայրերէն հեռանալու:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան բանակը շուրջ 20 ռումբ արձակած է հրթիռներու արձակման դիրքերուն դէմ: Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, սակայն բնակեցման վայրերու բնակիչներուն կոչ ուղղեց ապահով վայրերու մէջ մնալու:
Իսրայէլեան բանակը նաեւ պատրաստ վիճակի մէջ դրուեցաւ լիբանանեան Քաֆարշուպա բարձունքներ եւ Մազարեհ Շեպաա բռնագրաւուած շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր անօդաչու թռչող սարքերը շրջանին վերեւ հետախուզական թռիչքներ կատարեցին:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթին կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հաւանական կը նկատէ, որ հրթիռարձակման ետին կը կանգնի Հըզպալլան:








All the contents on this site are copyrighted ©.