2015-01-28 09:10:22

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


՜՜Հայրը՝՝ ծախել… Միթէ՞ կարելի է՝՝

Այս վերնագիրը ցոյց կու տայ շահամոլ մարդու կեցուածքը ու իր շահադիտութեանց մէջ երբեք չպարտուելու անոր խաբկանքը:
Նման մարդոց համար ըսուած է այն խօսքը, թէ՝ «երբ իմանայ պարտուած ըլլալը՝ այդ վայրկեանին իսկ անձնասպան կ՛ըլլայ»: Բանակի քաջ հրամանատարներէն պէտք է զանազանել սակայն այս տեսակ մարդիկը: Հերոսական ոգիով իր բանակը մարզող ու դէպի ռազմադաշտ առաջնորդող իսկական հրամանատարը անձնասպան կ՛ըլլայ այն ատեն, երբ տեսնէ իր զինուորներուն նահանջելն ու պարտութիւնը: Ան նոյնիսկ նախապէս այնպէս կը դաստիարակէ իր զինուորները, որ եթէ տեսնեն իր նահանջելն ու փախչիլը՝ գնդակահարեն զինք:
Կեանքի մէջ իրենց կրած պարտութիւնը երբեք չընդունող ու այդ պատճառաւ անձնասպանութեան դիմող մարդոց հոգեբանական կացութիւնը, սակայն, կը տարբերի ասպետական ոգիով իր կեանքին վերջ տուող զօրավարէն: Պարտութիւնը երբեք չընդունող մարդիկ այնքան շահամոլ կ՛ըլլան, որ չեն կրնար պատկերացնել ուրիշին յաղթանակը: Ամէն ինչ ի նպաստ իր անձին տեսնելու երեւոյթը ինքնին, հոգեբանական բարդ կացութիւն է, որմէ ձերբազատուելու համար պէտք է ուրիշներու համահաւասար գոյութիւնը ընդունիլ այս աշխարհի երեսին: Սակայն, շահամոլ մարդը այդ շնորհքէն զուրկ անհատն է, որուն ներաշխարհի հայելիին վրայ այլ նկար չի՛ գծագրուիր, բայց միայն ի՛ր պատկերը:
Միշտ յաղթական եղողը չի՛ կրնար սորվիլ կեանքի ամէնէն կարեւոր դասը՝ դարձեալ զերոյէն իր կեանքը սկսելու չարքաշութիւնը: Այդ տանջալից վերելքին փշոտ ճանապարհը ինքնին կէսն է ապագայ յաջողութեան:
Մարզական կեանքէ քաղուած պատկերները ամէնէն աւելի խօսուն են, որոնք կրնան լուսաբանական բացատրութիւններ տալ յաղթանակի ու պարտութեան զգացումներուն մասին: Յստակ է, որ իւրաքանչիւր խումբ հաւաքաբար, ու իւրաքանչիւր մարզիկ անհատապէս, յաղթելու փափաքով մարզադաշտ կը մտնէ: Սակայն պարտուելու պարագային միշտ կ՛ունենայ ցանկութիւնը՝ յաջորդ անգամ յաղթելու: Իսկ հակառակն ալ պէտք չէ մտահան ընել, այսինքն՝ յաղթելու պարագային ալ մարզիկներ միշտ այդ «յաղթանակով չգինովնալ»ու դաստիարակութիւնը կը ստանան, որպէսզի բաւարարուած չըզգան, ու յաջորդ անգամ պարտութիւն չկրեն: Մարզիչին մեծ դեր վերապահուած է այս առումով: Ան պէտք է յաղթանակի թէ պարտութեան պարագային կարենայ ճիշդ ուղղութիւն տալ, առաջինի պարագային քաջալերանքի հետ խստութիւն, իսկ երկրորդի պարագային լուրջ վերակազմակերպուածութեան հետ՝ խստապահանջութիւն գործադրելով:
Տեսնուած է, թէ սերունդէ սերունդ հարստութեան մէջ յղփացած կեանքով ապրած մարդոց զաւակները, երբ յանկարծ զրկուին այդ ճոխութենէն, երկրի վրայ կ՛ապրին իսկական դժոխքը: Որովհետեւ անոնք իրենց նախկին կեանքի ընթացքին երբեք չէին «սորված» թէ ի՞նչ է զրկանքը կամ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ օրերով անօթի մնալը, թէ ի՞նչ զգացում է՝ տեսնել ուրիշները գոհացած ամէն տեսակի առաւելութիւններով ու «բարիքներով», իսկ իրենք՝ զրկուած նոյնիսկ նուազագոյնէն:
Ցեղասպանութենէն ետք Միջին Արեւելեան երկիրներու մէջ ծնած առաջին սերունդը զուրկ էր կենցաղային կեանքի ճոխութենէն: Սակայն հակառակ այդ պայմաններուն, վերածաղկող սերունդը շատ աւելի գիտութիւն կրցաւ ամբարել, քան ուսումնական ու կրթական նոր չափանիշերուն համապատասխան մեծցող ներկայ սերունդը…
Զրկանք ու նեղութիւն չտեսած մարդը, որ կեանքի դժուարութեանց քուրայէն չէ՛ անցած, նախ չի՛ դիմանար տառապանքին, եւ երկրորդ՝ երբ չի՛ գիտեր, թէ ի՞նչ է պարտութիւն կրելու զգացումը, պատրաստ կ՛ըլլայ ամէն ինչ զոհելու՝ միայն յաղթելու համար: Այս տեսակի մարդիկ նոյնիսկ իրենց ՜՜ հայրը՝՝ ծախու կը հանեն, ինչպէս կ՛ըսէ առածը: _ Միթէ՞ կարելի է… նման մարդուն համար ի՞նչ տարբերութիւն, թէ՝ վաճառուողը ո՞վ է, ի՞նչ է կամ ի՞նչ կը ներկայացնէ:
Կարեւորը իր շահն է...
Նման մարդիկ ամէն սկզբունք կը զոհեն վասն սեփական յաղթանակի ու անձնական շահի:
Քաղաքական կեանքը շատ աւելի վատ օրինակները կը ներկայացնէ, քան՝ մարդոց ընկերային սովորական կեանքը: Ընտանիքի մէջէն վաճառքի հանուած հօր պատմութիւնը եթէ արտասովոր կը թուայ ոմանց, անդին քաղաքական հարթակի վրայ ինչքա՜ն հայրեր կը վաճառուին ամէն օր, քաղաքական ուժերու ձեռքին մէջ խաղալիքի վերածուելով: Անոնք հոլի նման ամէն վայրկեան ստիպուած են իրենք իրենց վրայ դառնալ ա՛յնքան՝ ինչքան զիրենք դարձնողը կը կամենայ, եւ ա՛յն ուղղութեամբ՝ որ զիրենք դարձնողը կը փափաքի դարձնել:
Իր հայրը ծախել մտածող անձը թող բնաւ չխորհի որ ՜՜եթէ հայրը գնեն՝ շահաւոր պիտի ըլլայ ան՝՝: Այնպիսի հարստութիւններ ու արժէքներ կան կեանքի մէջ, զորս անհնար է վաճառքի դնել: Անոնցմէ ոմանք այնպիսի նուիրական սրբութիւններ են, որոնք հօր ու մօր նման անգին արժէքներ են, ու զանոնք կորսնցնելը իսկական աղքատութիւն պիտի սեպուի քեզի համար…







All the contents on this site are copyrighted ©.