2015-01-27 10:04:59

Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին հանդիպումը Իրանի նախագահին յատուկ խորհրդականին հետ


Հովուական այցելութեամբ Թեհրան ժամանած Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը, կիրակի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու հարցերով Իրանի հանրապետութեան նախագահի յատուկ խորհրդական Ալի Իւնեսիի հետ, այս հանդիպման մասին տեղեկացուց մեզի Թեհրան հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի քարտուղարուհի օրիորդ Կարինէ Խալաթեան: Ստորեւ կու տանք «ԱԼԻՔ» օրաթերթէն քաղուած լուրը արեւմտահայերէնով:
Արտագին գործերու նախարարութեան քաղաքական ուսումնասիրութիւններու գրասենեակին մէջ ջերմ մթնոլորտ կայացաւ հանդիպման ընթացքին եւ երկու կողմերը զրուցեցին իրանահայութեան, տարածաշրջանի իրավիճակի եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ: Խօսելով իրանահայ համայնքի մասին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը գնահատանքով արտայայտուեցաւ իրանահայութեան կարգավիճակին մասին եւ ցաւով խօսեցաւ արտագաղթի մասին, նշելով, որ Իրանը մեզի համար ապահովութիւն է, եւ դարաւոր կապ գոյութիւն ունի Իրանի եւ հայութեան միջեւ: Կաթողիկոս Պատրիարքը նաեւ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Իրան Հայաստան բարիդրացիական կապերուն:
Իւնեսին եւս, իրանահայութիւնը բնութագրեց Իրանի ժողովուրդի անբաժանելի մասնիկը, որոնք պատմութեան ընթացքին այլ ազգութիւններու եւ կրօններու հետեւորդներու հետ ապրած են խաղաղ գոյակցութեամբ: Ան աւելցուց, որ Իրանի կառավարութիւնը պարտաւորուած կը զգայ պաշտպանելու իր բոլոր քաղաքացիները, ինչպէս փոքրամասնութիւններու եւ Աստուածային կրօններու հետեւորդներու իրաւունքները:
Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը անդրադարձաւ Իրանի կրօնական փոքրամասնութիւններու պատգամաւորներու հետ ունեցած իր արդիւնաշատ հանդիպման մասին: Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը անդրադարձաւ Թեհրանի մէջ կայացած համագումարին մասին, որ դատապարտած է կրօններու սրբութիւններու դէմ անարգանքը, նշելով, որ բոլոր մասնակիցները վերջաւորութեան ստորագրուած յայտարարագիրով դատապարտեր են կրօնական սրբութիւններու դէմ անարգանքը: Ան աւելացուց, որ այս օրերուն սրբազան Պապը եւս այդ առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ այսպէս արտայայտուած է. «Գաղափարի ազատութիւնը կը յարգենք բայց գաղափարի ազատութիւնը սահման ունի, եւ ան դիմացինին չվիրաւորելն է»:
Այս մասին Իւնեսին նշեց, որ այսօր աշխարհի մէջ իսլամութեան եւ քրիստոնէութեան անունով ծաւալող վայրագութիւններու ակունքը սիոնիզմն է, եւ հիմնականին կը միտին անապահովութիւն ստեղծելու Միջին Արեւելքի մէջ եւ աւելացուց, որ ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներուն կը ֆինանսաւորեն այն երկիրները, որոնք դէմ են Իրանի ադոմական բանակցութիւններու առաջընթացին:
Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Իրանի դերին՝ տարածաշրջանի ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարի գործին մէջ: Հանդիպման ընթացքին Իւնեսին կարեւորութեամբ խօսեցաւ Իրան Հայաստան յարաբերութիւններու վերաբերեալ, Հայաստանը համարելով Իրանի ռազմավարական գործընկերը: Վերջաւորութեան Իւնեսիի կողմէն յուշանուէր յանձնուեցաւ հայ կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարքին: Հանդիպման ներկայ էին Հայ Կաթողիկէ Իրանի թեմի առաջնորդ արհիապատիւ հայր Նշան արք. Գարաքէհէեան, հայր Բարսեղ վարդապետ Պաղտասարեան եւ համայնքի հոգեւոր եւ ազգային ներկայացուցիչներ:







All the contents on this site are copyrighted ©.