2015-01-27 10:36:58

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ


ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, երեքշաբթի, 26 յունուարին, հանդիպում ունեցած է Գարեգին Բ ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:
Հանրապետութեան Նախագահը, Վեհափառ Հայրապետը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի` օրերս կայանալիք 2015 թուականի անդրանիկ նիստէն առաջ, քննարկած են պետական յանձնաժողովի աշխատանքները եւ միջազգային ու միջեկեղեցական հարթակներու վրայ, սփիւռքի մէջ հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կողմէ այդ աշխատանքներուն մասնակցութիւնը:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ պետութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւններուն եւ սերտ համագործակցութեան, ազգային-եկեղեցական կեանքի կարեւորագոյն խնդիրներուն ու առկայ մարտահրաւէրներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.