2015-01-26 10:21:40

Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններ. ըստ նախնական տուեալներու Սիրիզա մեծ յաղթանակ արձանագրած է


Կիրակի, 25 յունուարին, Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ տնտեսական սեղմումի քաղաքականութեան դէմ եղող ձախակողմեան Սիրիզա կուսակցութիւնը արձանագրած է պատմական յաղթանակ մը: Ըստ նախնական արդիւնքներուն, Սիրիզա ապահոված է քուէներուն 36-38 առ հարիւրը, իսկ իշխող Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը կը գտնուի 2-րդ դիրքին վրայ եւ ապահոված է քուէներուն 26-28 առ հարիւրը:
Սիրիզայի ղեկավար Ալեքսիս Ցիփրաս խոստացած է վերատեսութեան ենթարկել միջազգային փոխատուներու հետ Յունաստանի պարտքերու դասաւորումը: Ան նաեւ խոստացած է վերատեսութեան ենթարկել 2010-էն ի վեր Յունաստանի որդեգրած տնտեսական սեղմումի միջոցառումները:
Սիրիզա ընտրութեան արդիւնքը ողջունեց եւ զայն կոչեց «ընկերային արժանապատուութեան եւ ընկերային արդարութեան» վերադարձ մը: Միւս կողմէ` Յունաստանի առողջապահութեան նախարար Մարքիս Վորիտիս ընդունեց, որ Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւնը պարտութիւն կրած է:
Տակաւին յստակ չէ, եթէ Սիրիզա երկիրը առանձին ղեկավարելու համար բաւարար համեմատութեամբ քուէ ապահոված է, սակայն եւրոպական շրջանակներ մօտէն կը հետեւին արդիւնքին, որովհետեւ գոյութիւն ունի այն մտավախութիւնը, թէ Սիրիզայի յաղթանակը կրնայ քաջալերել Եւրոպայի տարածքին արմատական ձախակողմեան կուսակցութիւնները:







All the contents on this site are copyrighted ©.