2015-01-25 12:27:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ միութեան շաբաթուայ եզրափակիչ արարողութիւնը։


Կիրակի, 25 յունուար 2015-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ որոնց շարքին` Իտալական եկեղեցական ''Ացիոնէ Քաթթոլիքա'' շարժումի անդամ` 3 հազար երիտասարդներ որոնք առաւօտեան մասնակցեցան ''Խաղաղութեան Կարաւան'' ձեռնարկին եւ որոնցմէ երկու հոգի` Սարան եւ Մաթթէոն, Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, կը գտնուէին Նորին Սրբութեան մօտ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած իր խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ օրուան աւետարանին ուր կը խօսուի Յիսուսի առաքելութեան սկիզբի մասին, քաղուած Մարկոսի աւետարանէն` (Գլ 1,14) ուր աւետարանիչը կը մատնանշէ. ''Յովհաննէսի մատնուելէն ետք, Յիսուս Գալիլեա եկաւ, կը քարոզեր Աստուծոյ աւետարանը եւ կ՛ըսէր. ''Ժամանակը լրացած է եւ մօտեցած է Աստուծոյ Արքայութիւնը. Ապաշխարեցէ՛ք եւ Հաւատացէ՛ք Աւետարանին''։
Յիսուս – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – Աստուածային խոստումներուն կատարումն է եւ Ինքն է որ մարդուն կը շնորհէ Սուրբ Հոգին, կենդանի ջուրը որ կը յագեցնէ անդորր մեր սիրտը, որ ծարաւն ունի կեանքի, սիրոյ, ազատութեան եւ խաղաղութեան ու ծարաւն ունի Աստուծոյ։
Յիսուս այս մէկը բացայայտեց սամարացի կնոջ, Յակոբի աղբիւրի մօտ, երբ անոր ըսաւ ''ջուր տուր ինծի որ խմեմ'' (Յովհ 4,7)։ Քրիստոսի` սամարացի կնոջ ուղղուած այս բառերը, ընտրուեցան որպէս այս տարուայ ''քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ'' կեդրոնական նիւթ որ վերջ կը գտնէ այսօր, եւ որուն առթիւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ միասին պիտի համախմբուինք Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքային մէջ, միասնաբար աղօթելու համար Տիրոջ որպէսզի ամրապնդէ մեր յանձնառումը ի սպաս Քրիստոսի բոլոր հաւատացեալներու միութեան։
Աստուած, մարդեղանալով, իր վրայ առաւ մեր ծարաւը, ու յատկապէս լիակատար կեանքի ծարաւը, ազատ` չարի եւ մահուան ստրկութենէն։ Իր մարդեղութեան Ան միաժամանակ իր ծարաւը տուաւ մարդու սրտին` Նազովրեցի Յիսուսը, որուն մէջ կը գտնուի մարդկային եւ Աստուածային ծարաւը որուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ Անոր իղձը իր աշակերտներու միութեան` ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան (Յով 17, 21)''։
Շարունակենք աղօթել ու յանձնառու ըլլալ Քրիստոսի աշակերտներու միութեան ուղիով, այն վստահութեամբ թէ Ինք մեզի մօտիկ է ու մեզի թիկունք կը կանգնի Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ, որպէսզի այս նպատակը իրականանայ'' հրաւէր ուղղեց Սրբազան Հայրը, Աստուածամօր բարեխօսութեան յանձնելով աղօթքները։
Մարեմեան աղօթքէն ետք, ողջունելով հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ կոչ մը ուղղեց Ուկրանիոյ մէջ տեղի ունեցող բախումներու դադրեցումին ի սպաս ու ապա վերյիշեց թէ այսօր` կը նշուի բորոտութեան միջազգային օրը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց այս հիւանդութենէն տառապող եղբայր ու քոյրերուն։
Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ''Ացիոնէ Քաթթոլիքայի'' պատանիներուն քաջալերելով զանոնք ուրախութեամբ յարատեւել քրիստոնէական ընթացքի մէջ, ամենուրէք տանելով խաղաղութիւնը ու հրաւիրեց իր մօտ գտնուող երկու պատանիները կարդալու ''խաղաղութեան կարաւանի'' առթիւ պատրաստած իրենց պատգամը։
Յետ միջօրէի ժամը 5-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանէն կը մեկնի եւ կ՛ուղղուի Հռոմի Սուրբ Պօղոս Պազիլիքա ուր` մասնակցութեամբ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն կը գլխաւորէ ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն աւարտին, ժամը 7-ին, կը վերադառնայ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.