15 Ամէն ինչ որ Հայրը ունի` ի՛մս է. ուստի ըսի ձեզի թէ պիտի առնէ իմինէս ու հաղորդէ ձեզի”: 16
“Քիչ մը ատենէն` ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն` դարձեալ պիտի տեսնէք զիս, քանի
որ ես կ'երթամ Հօրը քով”: 17 Ուստի աշակերտներէն [ոմանք] կ'ըսէին իրարու. “Ի՞նչ է
ասիկա, որ կ'ըսէ մեզի. “Քիչ մը ատենէն` ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն` դարձեալ
պիտի տեսնէք զիս”: Նաեւ. “Քանի որ ես կ'երթամ Հօրը քով”“: 18 Ուրեմն կ'ըսէին. “Ի՞նչ
է ասիկա` որ կ'ըսէ. “Քիչ մը ատենէն”. չենք գիտեր ի՛նչ կը խօսի”: 19 Ուստի Յիսուս,
գիտնալով թէ կ'ուզեն հարցնել իրեն, ըսաւ անոնց. “Զիրա՞ր կը հարցափորձէք, քանի որ ըսի.
“Քիչ մը ատենէն` ա՛լ պիտի չտեսնէք զիս. եւ քիչ մը ատենէն` դարձեալ պիտի տեսնէք զիս”: 20
Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Դուք պիտի լաք ու ողբաք, բայց աշխարհը
պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, սակայն ձեր տրտմութիւնը պիտի փոխուի ուրախութեան”: 21
Կին մը տրտմութիւն կ'ունենայ ծննդաբերութեան ատեն, որովհետեւ իր ժամը հասած է. բայց երբ
ծնանի մանուկը` ա՛լ չի յիշեր տառապանքը, ուրախանալով որ մարդ մը ծնաւ աշխարհի մէջ: