2015-01-23 12:16:50

''Աստուած միշտ կը ներէ'' Ֆրանչիսկոս Պապին 23 յունուարի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 23 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի Մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի քարոզին մէջ անդրադարձաւ
Աստուծոյ ողորմութեան եւ ներողամտութեան։
Պօղոս Առաքեալ օրուան ընթերցուածի Եբրայեցիներու ուղղած նամակին մէջ կը յիշէ թէ Աստուած իր որդւոյն` Յիսուսի միջոցաւ մարդկութեան հետ նոր ուխտ մը հաստատած է։ (Եբր Ը. 6-13)
Այս ուխտի հիման վրայ Աստուած մեզի կը ցուցաբերէ իր գթութիւնը եւ ողորմածութիւնը։
Այս իր ողորմածութիւնը ունի շատ մը նկարագրական կէտեր։
Նախ՝ Աստուած միշտ կը ներէ։ Մենք ենք որ կը յոգնինք ներում խնդրելէ, սակայն Աստուած երբեք չի յոգնիր ներում շնորհելէ։
Պէտք չէ երբեք կասկած ունենալ թէ Աստուած ուր եւ երբ կը ներէ, որովհետեւ Քրիստոս իր արեամբ մեր գինը վճարած է։ Ինչպէս անառակ որդիի օրինակին մէջ կը տեսնենք՝ հայրը իր որդին թեւերուն մէջ կ’առնէ նախ քան որդիին ներում խնդրելը։
Չկայ մեղք, որ Աստուած չի ներեր։ Ոմանք կ’ըսեն՝ Հայր սուրբ, խոստովանանքի չեմ երթար, որովհետեւ մեղքերս շատ են։ Երբեք այսպէս չմտածէք, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, որովհետեւ Աստուած միշտ պիտի ընդունի ձեզ եւ պիտի ներէ ձեզի։
Խօսքը ուղղելով քահանաներուն Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ՝ խոստովանանքը դատավարութիւն կամ դատապարտում չէ, այլ հանդիպում Աստուծոյ հետ։
Շատ անգամներ խոստովանանքը պարզապէս սովորութեան կամ ձեւակերպութեան վերածուած է։ Խոստովանանքը պէտք է ըլլայ հանդիպում Տիրոջ հետ, որ կը հաշտուի, մեզ իր թեւերուն մէջ կ’առնէ եւ խնճոյք կը կատարէ։
Պէտք է երեխաներուն եւ պատանիներուն լաւ սորվեցնէք խոստովանանքի կերպը։ Խոստովանանքը՝ շապիկը մաքրութեան տալու պէս չէ, ուր աղտը պէտք է հեռացնել։ Խոստովանք կը նշանակէ հանդիպիլ Հօր Աստուծոյ հետ, որ կը հաշտուի մեր հետ, կը ներէ մեզի եւ խնճոյք կը կատարէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.