2015-01-22 12:44:16

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Ֆինլանտայի համամիութենական շարժումի մէկ պատուիրակութեան հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 22 յունուարի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Ֆինլանտայէն ժամանած համամիութենական շարժումի մաս կազմող մէկ պատուիրակութիւն մը, որ Հռոմ կը գտնուի նշելու Ֆինլանտայի պաշտպան Սուրբ` Հենրիկոսի տօնը։
Այս առթիւ անոնց ուղղած իր պատգամի մէջ, Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց աւանդութիւն դարձած սոյն հանդիպումը, որ անկեղծ եւ հոգեւոր համամիութենական հանդիպում մըն է Լուտերականներու ու Կաթողիկէներու միջեւ աւելցնելով թէ ''անոնց ներկայութիւնը արդէն վկայութիւն մըն է` միութեան ի սպաս ջանքերուն''։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադարձաւ այս տարուայ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուան խորհրդածութեան, հիմնուած Յիսուսի Խօսքին վրայ` ՝՝Ջուր տուր ինծի որ խմեմ՝՝, եւ հաստատեց, թէ Տէրն է իւրաքանչիւր շնորհքի աղբիւրը։
Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ Վիքսթրոմի թեմի եպիսկոպոսի խօսքերուն՝ թէ Կաթողիկէները եւ Լուտերականները միասնաբար կրնան շատ բաներ գործել վկայելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը ժամանակակից ընկերութեան մէջ։ ''Սոյն միասնական վկայութիւնը կրնայ զօրակցութիւն գտնել եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեամբ'' - հաստատեց Ֆրանիչսկոս Պապը ու իր ճառին աւարտին մաղթանք յայտնեց որ Հռոմ կատարուած այցելութինը կարենայ նպաստել եւ զօրացնել Ֆինլանտայի մէջ համամիութեանական յարաբերութիւնները՝ Լուտերականներու եւ Կաթողիկէներու մէջեւ, որոնք արդէն իսկ տասնեակ տարիներէ դրական նկատուած են։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց Տիրոջմէ հայցելով՝ որ բոլորին վրայ ուղարկէ ճշմարտութեան Սուրբ Հոգին որպէսզի առաջնորդէ զիրենք դէպի միութիւն եւ եղբայրասիրութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.