2015-01-22 08:32:37

Հռոմի մէջ համամիութենական հանդիպում։


(Ռատիօ Վատիկան) 2015-ի կրօնաւորական տարւոյն ծիրէն ներս` 22-25 Յունուար 2015, նախատեսուած է կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներու համամիութենական հանդիպում մը, Հռոմի օգոստինեան համալսարանի հայրաբանութեան մասնաճիւղին մէջ։
Հրաւիրատոմսի մէջ կը կարդանք. ''կրօնաւորական կեանքը իր դերը ունի համամիութենական շարժումին մէջ։ Ով որ սերտօրէն կ’ապրի Քրիստոսի հետ, կ’ապրի նաեւ Քրիստոսի եզակի ու խորհրդաւոր մարմնին մէջ։ Այս եռօրեայ հանդիպումները նուիրուած են երեք քրիստոնէական աւանդութիւններուն` կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական - անկլիքան ։
Հաւաքի ամէն մէկ օրը կ՛եզրափակուի երեկոյեան ժամը 7-ին, երեկոյեան ժամասացութեամբ։
22 Յունուարի` սրբազան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յիսուսի նուիրուած մատրան մէջ։ 23-ինը Սրբուհի Քատարինէ կոչուած եկեղեցւոյ մէջ իսկ 24 յունուարինը` Ամենայն սրբոց կոչուած անկլիգան եկեղեցւոյ մէջ։
Կրօնաւորական տարին հռչակելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ ''Նուիրեալ կեանքի'' ժողովը նախաձեռնութիւններ ծրագրած է, ունենալով որպէս կէտնպատակ շփումներ ստեղծել կրօնաւորական զանազան միաբանութիւններու անդամներու միջեւ։ Ջերմօրէն կը քաջալերեմ այս հանդիպումները որ կը նպաստեն ընդհանրապէս անձերու միջեւ փոխադարձ համագործակցութեան ու ճանաչումին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.