2015-01-22 13:21:14

Ընդունելով Բերիոյ թեմի առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու առաջնորդները` Արամ Ա Կաթողիկոս վերահաստատեց իր ամբողջական զօրակցութիւնը սուրիահայութեան։


ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Հինգշաբթի, 22 Յունուար 2015-ի առաւօտուն, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանին և Հալէպի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին հետ։
Հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Հոգեւոր հայրերը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեցին վ&# 1381;րջին ամիսներուն ընթացքին շտապ օգնութեան մարմնի կատարած աշխատանքներու մասին։ Անոնք նաեւ պարզեցին մեր ժողովուրդի դժուարութիւններն ու կարիքները յատկապէս տնտեսա կան և ապահովական մարզերէն ներս։
Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց հոգեւոր առաջնորդներուն և համայնքային պատասխանատուներուն կողմէ կատարուող միասնական աշխատանքը և անոնց յարատեւ ու նուիրեալ ճիգŠ 4; օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդին կարիքաւոր զաւակներուն։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ թելադրեց որ իրենց յարմար նկատած եղանակով և նկատի ունենալով իրենց շրջապատի զգ ;այնութիւնները, հերթական կերպով հրապարակային զեկոյց մը տան շտապ օգնութեան մարմնի կատարած աշխատանքներուն մասին։
Արամ Ա. Կաթողիկոսը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ շարունակուող ոչ ապահով պայմաններուն ազգային եկեղեցական կեանքը աշխոյժ ու կազմակերպ վիճակ մը կը պարզէ։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց հոգեւոր հայրերուն որ Սուրիոյ մեր պատմական գաղութին վերակազմակերպումը համահայկական ու հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Ան ըսաւ որ պէտք 383; կառչած մնանք մեր գաղութին, և վերահաստատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ամբողջական զօրակցութիւնը Սուրիահայութեան նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.