2015-01-21 12:05:26

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը՝ ''Սրի Լանքայի եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի առաքելական ճամբորդութիւնը''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 21 յունուար 2015-ի առաւօտեան, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապը կատարեց չորեքշաբթի օրուայ աւանդական հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն ընթացքին՝ ըստ սովորութեան, ''Սրի Լանքայի եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած առաքելական ճամբորդութեան աւարտին ներկայացուց առաքելութեան գլխաւոր կէտերը։
Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ առաքելական Ճամբորդութիւնը յատկապէս ուրախալի եղաւ եկեղեցական հասարակութիւններուն հետ հանդիպումով, որոնք կը վկայեն Քրիստոսը սոյն երկիրներուն մէջ։
Հաւատացեալներուն ՝հաստատեցի իրենց հաւատքի եւ միսիոնարականութեան մէջ, քաջալերեցի զիրենք յարատեւելու միջ-կրօնական երկխօսութեան ուղիին վրայ՝ երկրի ծառայութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ քաջալերեցի ժողովուրդներու ուղեւորութեան ընթացքը դէպի միասնականութին եւ ընկերային բարգաւաճում, ունենալով որպէս դերակատարներ ընտանիքներն ու երիտասարդները։
Ֆրանչիսկոս Պապը Սրի Լանքայի առաքելական ճամբորդութեան գագաթնակէտը համարեց Սուրբ Ժոզէֆ Վազի սրբադասման արարողութիւնը, բարձր գնահատելով Սուրբին տածած ծառայութիւնը՝ կարիքաւորներուն հանդէպ՝ առանց կրօնային խտրականութեան, եւ յորդորեց հաւատացեալներուն՝ ունենալու Սուրբ Ժոզէֆ Վազը որպէս տիպար՝ աւետարանելու բազմակրօնային միջավայրերու մէջ, աւետարանի փրկչութեան ճշմարտութիւնը՝ միշտ յարգելով ուրիշները։
Սրբազան Հայր ակնարկեց Սրի Լանքայի պետական իշխանութիւններուն հետ հանդիպումի մասին, որուն ընթացքին ընդգծած է երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը ժողովուրդներու արժանապատուութեան յարգանքի ի խնդիր։ Իսկ՝ այլ կրօններու պետերու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերած է յարատեւել զանազան հասարակութիւններու միջեւ գոյատեւած բարի յարաբերութիւններու ընթացքին մէջ։
Քահանայապետը ակնարկեց նաեւ Մատույի Տիրամօր սրբավայրի այցելութեան մասին, որ երկրի Թամիլ եւ Չինկալեզի ցեղերուն կողմէ նկատուած է որպէս ուխտագնացութեան վայր։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա անդրադարձ կատարեց առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանին` Ֆիլիփինեան կղզեխումբի առաքելական ճամբորդութեան, ուր Ֆիլիփինի ժողովուրդը կը պատրաստուի նշելու կղզեխումբի աւետարանացման 500 ամեակը։ Հոն՝ ըսաւ Ֆրանիչկսոս Պապը մօտիկութիւնս յայտնեցի ''Եոլանտա'' մրրիկի պատճառած զոհերու ընտանեկան պարագաներուն եւ անոնց հետ հանդիպումի մասին խօսելով Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց, թէ անոնք կարիքը ունին բոլորին զօրակցութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց նաեւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի երիտասարդներու հետ ունեցած հանդիպումի մասին, ուր անոնց քաջալերանք ներշնչած է վերանորոգելու ընկերութիւնը յատկապէս ուշագրաւ ըլլալով աղքատներուն հանդէպ։ ''Աղքատներու հանդէպ խնամակալութիւնը էական տարր մըն է քրիստոնէական կեանքին'' հաստատեց Սրբազան հայրը ակնարկելով նաեւ ընտանիքներուն հետ ունեցած հանդիպումի մասին ու անոնց ուղղած իր քաջալերանքի խօսքին՝ յաղթահարելու ընտանիքին դէմ սպառնացող ժամանակակից մարտահրաւէրները։ ։
Ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ Սրի Լանքայի եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի այցելութեան համար ու Տիրոջմէ հայցեց միշտ օրհնել սոյն երկիրներու ժողովուրդները ու վերահաստատել քրիստոնեաներու հաւատարմութիւնը` աւետարանի՝ փրկութեան, հաշտութեան պատգամին մէջ ինչպէս նաեւ Քրիստոսի հետ հաղորդութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.