2015-01-21 10:36:19

''Միջին Արեւելքի եղբայրներ եւ քոյրեր, ձեզի կ՛ապահովեմ իմ հայրական մօտիկութիւնս'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին զանազան լեզուներով արտասանած իր ողջոյնի խօսքերուն մէջ, Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով Միջին արեւելքի հաւատացեալներուն ըսաւ` ''ողջոյնի խօսք մը կ՛ուղղեմ արաբերէն լեզուի ուխտաւորներուն յատկապէս անոնց որ ժամանած են Միջին Արեւելքէն։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարած առաքելական ճամբորդութեանս ընթացքին, իմ մտածումս յղեցի նաեւ ձեզի ու աշխարհի մէջ հալածուած բոլոր քրիստոնեաներուն։ Ձեզի կ՛ապահովեմ իմ հայրական մօտիկութիւնս ու ձեր վրայ կը հայցեմ Աստուածարին օրհնութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն ըսելով` ''քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթը մեզի առիթ կ՛ընծայէ մտածելու` մեր, Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ պատկանելիութեան մասին։
Սիրելի երիտասարդներ, աղօթեցէք որպէսզի բոլոր քրիստոնեաները դառնան մէկ ընտանիք։ Սիրելի հիւանդներ, ձեր տառապանքները նուիրեցէք Քրիստոսի` եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ` փորձարկեցէք ձրի սիրոյ ապրումը նման մարդկութեան վերապահած Աստուծոյ սիրոյն։








All the contents on this site are copyrighted ©.