2015-01-20 12:09:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին մամլոյ ասուլիսը Մանիլայէն Հռոմ թռիչքի ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Ֆիլիփինեան Կղզիներու այցելութիւնը արծարծեց զանազան հարցեր, որոնց Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ իր Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին։
Հովուական այցելութեան օրերուն՝ Սրբազան Քահանայապետը իր զանազան հանդիպումներուն առիթով տուած պատգամներուն մէջ՝ կոչ ուղղեց զգաստութեան, յատուկ կերպով անդրադառնալով քաղաքական եւ եկեղեցական հաստատութիւններու կաշառակերական արարքներուն, խմբակցութիւններու կողմէ բռնութեամբ պարտադրուծ գաղափարախօսութիւններու, զոր որակեց ՙգաղափարախօսական գաղթարարութիւն՚, ինչպէս նաեւ մարդկային սեռերու գաղափարախօսութեան վերածումի եւ յղարգելութեան նիւթերու շուրջ։
Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց՝ որ խորապէս տպաւորուած էր սրտաբուխ արարքներէն, որոնք նկատած էր իր հանդիպումներու ընթացքին։ Այդ արարքները դուրս էին արտաքին կամ ծիսակարգային ձեւակերպութիւններէ։ Նորին Սրբութիւնը իբր օրինակ յիշեց այն հայրը, որ իր զաւակը իր թեւերուն վրայ բարձր կը պահէր, որպէսզի ան կարենար ընդունիլ Սրբազան Քահանայապետի օրհնութիւնը։ Կարծես այդ հայրը կ՜ուզէր ըսել՝ ՙահաւասիկ իմ գանձս, իմ ապագաս եւ իմ սէրս։՚ Ասոր առընչութեամբ՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ շեշտեց պատասխանատու հայրութեան եւ պատասխանատու մայրութեան անհրաժեշտութիւնը ժողովուրդի մը մօտ, որ չի գիտեր ընկրկիլ։ Պատասխանատուութիւն մը՝ ցուցաբերուած խանդավառութեամբ եւ զուարթութեամբ։ Իսկ Թաքլոպանի մրրիկէն վերապրողներու հետ հանդիպումը Սրբազան Հօր պատճառած էր յուզիչ պահեր՝ տեսնելով անոնց բարձրացուցած աղօթքը առ Աստուած։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետ պատասխանելով թղթակիցի հարցին՝ իր յաջորդ հովուական այցելութիւններու առընչութեամբ՝ պատասխանեց միայն ենթադրականօրէն, ըսելով՝ թէ յաջորդ ճամբորդութեան ծրագիրը զինք պիտի ուղղէ դէպի Կենդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութիւն եւ Ուկանտա. իսկ այս տարւոյն վերջը նախատեսուած են Հարաւամերիկեան երեք երկիրներ՝ Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուայ. եւ յաջորդ տարի, եթէ Աստուած կամենայ՝ Չիլէ, Արկենդինա եւ Ուրուկուայ։
Սրբազան Հայրը բացառած է Սեպտեմբեր ամսոյն Խունիփերօ Սերրայի սրբադասման առիթով Քալիֆորնիա կատարելիք հաւանական այցելութիւն մը՝ ճամբորդական ծրագիրներու հետ առընչուած համաձայնեցման անկարելիութեան պատճառով։ Նաեւ Մեքսիքոյէն Միացեալ Նահանգներ անցքը բացառեց Սրբազան Հայրը՝ գաղթականներու հանդէպ ՙեղբայրակցութեան՚ ցուցաբերումի արժէքի գիտակցութեան շեշտումով։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ թղթակիցի այլ շարք մը հարցերուն ինչպէս՝ կաշառակերութեան չարիքին, որուն դէմ ան միշտ բողոքած էր։ Ան զգուշացուց բոլոր քրիստոնեաները աշխարհիկ հոգիի ենթարկուելէ եւ ժողովուրդներու վրայ ՙգաղափարախօսական գաղթարարութեան՚ պարտադրումէ։
Յղարգելութեան հարցին պատասխանելով՝ Սրբազան Պապը ըսաւ թէ այս հարցին մէջ անհրաժեշտ է ունենալ պատասխանատու հայրութիւն եւ մայրութիւն, եւ ոչ թէ ստիպողականութիւն մը տեսնել՝ բազմաթիւ զաւակներու ծնունդ տալով։ Իսկ յիշելով Պօղոս Զ. Քահանայապետը ՙHumanae vitae՚ կոնդակի կապակցութեամբ, զայն որակեց ՙմարգարէ՚ Հայրապետ մը։
Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց իսլամական երկիրներու դիրք բռնել ահաբեկչական խմբակներու դէմ։
Իսկ պատասխանելով այն հարցին թէ ինչու՜ Տալաի Լամայի հետ հանդիպում չէր ունեցած՝ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց ըսելով՝ թէ այդպիսի այցելութիւն չէր նախատեսուած եւ պէտք չէ այս հարցին մէջ տեսնել Վատիկանի քաղաղական դիրքորոշումի՝ Չինաստանի հետ կապուած դիւանագիտական պատճառներ։ Ֆրանչիսկոս Պապ նոյնիսկ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց այցելել Չինաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.