2015-01-20 10:39:33

Ֆիլիփինեան կղզխումբի եպիսկոպոսներու լիանիստ գումարը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսները համախմբուած են Մանիլայի մէջ իրենց լիանիստ գումարը կատարելու։ Աշխատանքները պիտի տեւեն մինչեւ 22 Յունուար 2015, ունենալով որպէս նիւթ. ''Նոր աւետարանութիւնը, եւ ‘’աղքատներու Տարին''­ հռչակուած տեղական եկեղեցիէն։
Սրբազան Քահանայապետին ներկայութիւնը Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եկեղեցւոյ տուաւ մխիթարութիւն ու խանդաղատանք, յայտարարեց հայր Մելվին Քասթրօ` քարտուղարը Ֆիլիփինեան եպիսկոպոսական դասի` ընտանիքի ու կեանքի յանձնախումբին։ Եպիսկոպոսներու, կղերին ու հաւատացեալներու միջեւ նոր խանդավառութիւն մը յառաջ եկաւ շնորհիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ներկայութեան մեր մէջ։
Սրբազան Հայրը նոյնպէս ստացաւ նոր կորով եւ ուժգնութիւն հաւատացեալներէն, որ զինք բազկատարած ընդունեցան։ Մեր եկեղեցին, իր կարգին, Սրբազան Քահանայապետի ներկայութենէն, անոր արտասանած խօսքերէն ու ներշնչած յոյսէն ստացաւ մեծ մխիթարութիւն ու խանդավառութիւն` ապրելու ու հռչակելու իր հաւատքը, դիտել տուաւ Հայր Քասթրօ յայտնելով թէ Քահանայապետը մեզի մատնանշեց եկեղեցւոյ մէկ տիպարը` ըլլալ աղքատներուն միշտ ուշադիր, ցաւագարներու խնամատար։ Աղքատին մօտենալ ոչ որպէս հոգատար, այլ որպէս կեանքի վարդապետ։ Աղքատները կը սորվեցնեն որ մարդուն արժէքը իր մարդկութեան մէջ է եւ ոչ թէ իր ունեցածով։ Աղքատները նաեւ կը սորվեցնեն վստահիլ Աստուծոյ վրայ ու անոր նախախնամութեան վրայ։
Հայր Քասթրօ դիտել տուաւ նաեւ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեծ զարկ տուաւ աշխարհական հաւատացեալներու դերին եկեղեցւոյ մէջ եւ մասնաւորապէս ընտանիքին մէջ։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց որ Սրբազան Հայրը բացայայտօրէն խօսեցաւ ընտանիքի պաշտպանութեան մասին եւ զգուշացուց արեւմտեան այն գաղափարախօսութենէն որ կը միտի քայքայել ընտանիքը, քաջալերել ապահարզանը, վիժումը, միասեռական ամուսնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.