2015-01-20 10:43:00

Վեցամսեայ Սերիոժա Աւետիսեանի կեանքը կարելի չեղաւ փրկել


Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութենէն հաղորդեցին, որ վեցամսեայ Սերիոժա Աւետիսեանի կեանքը կարելի չէ եղած փրկել:
Կիրակի երեկոյեան երեխայի առողջական վիճակը կտրուկ վատացած էր: Արդէն 7-րդ օրը կեանքի համար պայքարող երեխային մօտ խորացած էր երիկամային եւ սրտանօթային անբաւարարութիւնը:
Հակառակ հայաստանեան եւ արտերկրի յառաջատար մասնագէտներուն կողմէ ձեռնարկուած վերակենդանացման շարունակական, երկարատեւ, անընդմէջ միջոցառումներուն` ցուցանիշները կարելի չէ եղած բարելաւել, զարգացած է սրտանօթային, թոքային, երիկամային անբաւարարութիւնը, տեղի ունեցած են անդառնալի փոփոխութիւններ, որոնք յանգեցուցած են մահուան:
Առողջապահութեան նախարարութենէն երէկ կէսօրէ ետք փոխանցած են, որ երեխային մօտ արձանագրուած է կենսաբանական մահ:







All the contents on this site are copyrighted ©.