Գիւմրիի ոճրագործութեան առնչութեամբ. Ռուսիոյ նախագահը ցաւակցութիւն յայտնած է Հայ ժողովուրդին
Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնական կայքին փոխանցումով, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի
ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի միջեւ: Ռուսիոյ
նախագահը անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնած է զոհուածներու հարազատներուն, ինչպէս նաեւ
ամբողջ հայ ազգին` Գիւմրիի մէջ 12 յունուարին տեղի ունեցած ողբերգութեան առնչութեամբ,
ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: Ըստ նոյն աղբիւրին, նախագահ Փութինը վստահութիւն յայտնած
է, որ բոլոր անհրաժեշտ քննչական գործողութիւնները պիտի կատարուին ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցներուն
մէջ, եւ մեղաւորները պիտի կրեն օրէնսդրութեամբ նախատեսուած պատիժը: Ռուսիոյ նախագահը
նաեւ յոյս յայտնած է, որ Հայաստան հասած ռուս բժիշկները իրենց հայաստանցի գործընկերներուն
հետ անհրաժեշտ օգնութիւնը կը ցուցաբերեն միակ ողջ մնացած վեց ամսուան մանուկին: Վլատիմիր
Փութին նաեւ հաստատած է Սերժ Սարգսեանին, որ անհրաժեշտութեան պարագային Ռուսիա պատրաստ
է բժշկական ինքնաթիռ ուղարկելու, որպէսզի կազմակերպուի փոքրիկն Սերիոժա Աւետիսեանին հետագայ
բուժումը: Միւս կողմէ, ըստ Հայաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան,
նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծած է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմինները պիտի
շարունակեն դէպքին բոլոր հանգամանքներուն լիարժէք բացայայտման ուղղուած անհրաժեշտ գործողութիւնները: Բացի
ատկէ, նախագահները քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող ընթացիկ հարցեր: Ռուսիոյ
լրատուամիջոցներուն փոխանցումով` հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է նախագահ
Փութինի նախաձեռնութեամբ: