2015-01-18 09:28:36

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը մրրիկի պատճառաւ զոհ գացած
կամաւոր երիտասարդուհիի հօրը հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 18 յունուարին, յաւարտ երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումին, Ֆրանաչիսկոս Պապը՝ առաքելական նուիրակութեան կեդրոնին մէջ , տեղական ժամով՝ ժամը 12,00 ին, հանդիպեցաւ, շաբաթ 17 յունուարին, Թաքլոպանի մէջ մատուցած սուրբ պատարգի ընթացքին` փոթորիկի պատճառով զոհ գացած կամաւոր երիտասարդուհիին հօրը հետ, ու անոր ընկերացող մէկ ազգականին հետ։
Այս մասին տեղեկացուց Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետրիքօ Լոպմարտին։
Յուզիչ այս հանդիպումը տեւեց շուրջ 20 վայրկեան՝ կլոր սեղանի մը շուրջ որուն վրայ զետեղուած էին երիտասարդուհիին երկու պատկերները։
Հանդիպումին ընթացքին երիտասարդուհիին հայրը՝ Ֆրանչիսկոս Պապին յայտնեց իր ցաւն ու վրդովումը ու միաժամանակ մխիթարութիւնը որ իր զաւակը կարողացած էր օգտակար ըլլալ Ֆրանչիսկոս Պապին հաւատացեալներու հետ հանդիպումի կազմակերպութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.