2015-01-18 10:35:47

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ (18-25 Յունուար 2015)


‘’Յիսուս ըսաւ. Ջուր տուր ինծի որ խմեմ’’։
Քրիստոնեաներու միութեան 2015 տարուան աղօթքի շաբթուայ նիւթը ` ‘’Յիսուս ըսաւ. Ջուր տուր ինծի որ խմեմ’’, ներշնչուած է Աւետարանի այն անցքէն ուր կը պատմուի` Յակոբի ջրհորին մօտ Յիսուսի սամարացի կնոջ հետ հանդիպումի մասին ։
Դէպքը կը ներկայանայ որպէս սիրոյ պատկեր մը, որ կը տապալէ դաւանական, ցեղային կամ մշակութային դրդապատճառներէ մղուած ամէն բաժանում։ կը ներկայանա որպէս պատկերը ողորմութեան` կարող բարեփոխելու այն կինը որ ունեցած էր հինգ ամուսիններ, ու զայն կը դարձնէ Քրիստոսի եռանդուն աշակերտուհի մը ու քարոզիչ։
Քրիստոնեաներուն միութեան աղօթքի շաբթուան խորհրդածութիւնները պատրաստուեցան Պրազիլի քրիստոնեայ եկեղեցիներու ազգային խորհուրդի կողմէ, համագործակցութեամբ Քրիստոնեաներու Միութեան քահանայապետական խորհուրդին ու եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդին։ Հռոմի Ին Վիա լադա Տիրամօր նուիրուած պազիլիքայի մէջ, եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբաթուան ընթացքին արեւելեան եկեղեցիները կը հրաւիրուին հերթաբար պատարագ մատուցանելու։ Ասիկա առիթ մըն է Հռոմի հաւատացեալներուն ճանչցնելու արեւելեան ծէսերն ու անոնց պատմութիւնը։ Առաջին օրը` կիրակի 18 Յունուար 2015-ին Եկեղեցիներու աղօթքի միութեան շաբաթը կը սկսի հայկական պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.