2015-01-17 09:50:08

Փալոյի թեմը եւ աթոռանիստ եկեղեցին։


(Ռատիօ Վատիկան) Փալօ թեմը մաս կը կազմէ Թաքլոպան մարզին։ Փալօ քաղաքի Կաթողիկէ թեմը ունի 1,439,000 հաւատացեալներ, 65 ժողովրդապետութիւններ, 17 եկեղեցիներ ու միսիոնրական կեդրոններ, 137 Թեմական քահանաներ, 26 կրօնաւորներ, 162 կրօնաւորուհիներ, 62 դպրոցներ եւ 5 բարեսիրական կեդրոններ։ 2014ին, հոն 33,722 մանուկներ մկրտուած են։
Փալօ թեմի արքեպիսկոպոսն է Գերապայծառ Ժոն Տու որուն բնակավայրը կը գտնուի բլուրի մը վրայ ուր շինարարական աշխատանքներ կը կատարուին ծերերու եւ որբերու համար համալիր մը կառուցելու որ ֆինանսաւորուած է Քոր Ունում Քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան կողմէ եւ կը կոչուի ''Ֆրանչիսկոս Պապի աղքատներու համար կեդրոն''։
Աղքատներու կեդրոնը մատակարարուած է Քորէացի խարիզմաթիկ Kkottangnae Brothers of Jesus կոչուած հասարակութեան կողմէ։ Հասարակութեան հիմնադիրն է, 1970 ին, Հայր Ժօն Օ Վունկ, որ ներշնչուած էր Յիսուսի խօսքէն (Մատթէոս 25, 40) ամէն անգամ որ նման բարիք ըրիք այս փոքրիկներէն մէկուն՝ որոնք իմ եղբայրներս են, զայն ինծի ըրիք։
Փալօ թեմի Աթոռանիստ եկեղեցին
Փալօ թեմի մայր տաճարը նուիրուած է Յիսուսի Այլակերպութեան։ Կառուցուած է 1596ին Յիսուսեան միաբանութեան անդամն` Հայր Ժուան եւ Հայր Ալոնօ կրօնաւորներու կողմէ որոնք լծուած էին ժողովուրդի աւետարանացման գործունէութեան ։
Յիսուսեան Միաբանութեան կողմէ հիմնուած Փալոյի թեմը տարիներու ընթացքին կը հանդիսանայ կարեւորագոյն միսիոնարական կեդրոն ուր՝ 1600 ին, հոն կը հասնին Ակոսթինեան եւ Ֆրանչիսկեան միաբանները։
Եկեղեցւոյ երկու զանգակատուները շինուած են 1850ին ։ 1944-45 համաշխարհային Բ պատերազմի տարիներուն, տաճարը կը վերածուի զինուորական հիւանդանոց ապա գաղթականները՝ հիւրընկալելու վայր։







All the contents on this site are copyrighted ©.