2015-01-17 09:11:34

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի մամլոյ ելոյթը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական այցելութեան մասին։


''ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը` վճռակամութիւն ու ողորմութիւն''։

(Ռատիօ Վատիկան) Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի` Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը, պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն խօսեցաւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի առաջին օրուայ այցելութեան մասին։
Այցելութիւն մը որ սկսաւ պաշտօնական հանդիպումով, ապա եկեղեցւոյ մէջ` կղերին հետ հանդիպումով ու ապա նշանակալից ու յուզիչ հանդիպումը` փողոցի երախաներուն հետ, հուսկ հանդիպում ընտանիքներուն հետ, ուր ի յայտ եկաւ Քահանայապետին հեղինակութիւնը, ջերմութիւնը, առաքելական ու հովուական փորձառութիւնը ու հրաւէրը հակազդելու ընտանիքին սպառնացնող նոր մշակոյթներուն ու հոսանքներուն։ Նախագահին հետ հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը վճռակամութեամբ պաշտպանը հանդիսացաւ աղքատներուն։ Կղերին հետ հանդիպումին ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց երկրի կղերի հեղինակութիւնը ու մեծ դերը ընկերութեան մէջ, հետեւաբար նաեւ կերին մեծ պատասխանատուութիւնը ընկերային կեանքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.