2015-01-16 11:35:59

Հռոմի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղութեան ի սպաս ՝աղօթքի երեկոյ


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 15 յունուարին, Հռոմի մէջ՝ '' Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան'' Եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրիոյ եւ Իրաքի խաղաղութեան համար աղօթքի երեկոյ կազմակերպութեամբ Հռոմի թեմին եւ հովանաւորութեամբ Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի նախագահ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին։
Աղօթքին երեկոյեան իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ հաւատացեալներ ինչպէս նաեւ եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ որոնց շարքին նշենք Հռոմի թեմի տեղակալ եպիսկոպոսներէն` Գերապայծառ Մաթթէօ Ծուբբի։
Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին նախագահ կարդինալ Սանտրի իր ունեցած ելոյթին մէջ գնահատանք յայտնեց Հռոմի թեմի տածած գործունէութեան համար յատկապէս Միջին արեւելքի մէջ տառապող հաւատացեալներուն նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութաեaն աղօթքի այս պահերով։ Ապա անդրադառնալով Յիսուսի Ծննդեան գիշերին Բեթղեհէմի մէջ ծագած ճրագին, յայտնեց թէ սոյն ճրագը լուսաւորուեցաւ բոլորին համար, ան կար եւ կը մնայ լոյսը ՝խաղաղութեան։
Ծիրանաւորը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով ՝՝Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովուրդներու հետ եւ անոնց համար՝ յոյսի ճրագը վառ կը պահենք այն վստահութեամբ որ ոչինչ անկարելի է Աստուծոյ համար, նեռարեալ խաղաղութեան եւ համերաշխութեան հաստատումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.