2015-01-15 11:12:29

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի առաքելական միջազգային 7-րդ ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը` Ֆիլիփինեան կղզեխումբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 15 Յունուարի առաւօտեան 9-ին (Հռոմի ժամով 4,30-ին) սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին առաքելական 7-րդ ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը որ զինք Սրի Լանքայէն փոխադրեց Ֆիլիփինեան կղզեխումբ։
Վեց ժամ 15 վայրկեան տեւող թռիչքէ մը ետք Սրբազան Հայրը ժամանեց Մանիլա, տեղական ժամով 17.45-ին (Հռոմի ժամով 10,45)։
Մանիլայի Վելամորի օդակայանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորեցին Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մօտ առաքելական դեսպանն ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբի նախագահ` Տիար Պենինիօ Աքուինօ Գ, կառավարական ու եկեղեցական այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու ներկայութեամբ։
Յայտնենք թէ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակչութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ են (82 առ հարիւր)։ Սրբազան Քահանայապետին բարի գալուստի արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ բազմահազար մանուկներ որոնք զուարճալի պարերով, հրճուանքով ու ''Բարի եկար Ֆրանչիսկոս Պապը'' երգելով ընդունեցին Քահանայապետը։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եւ Վատիկան պետութեան քայլերգերու կատարումէն ետք տեղի ունեցաւ երկու պատուիրակութիւններու ներկայացում, հուսկ Քահանայապետի ու Նախագահին միջեւ հակիրճ հանդիպում` օդակայանի կարեւոր հիւրերու վերապահուած դահլիճին մէջ։
Բարի գալուստի պաշտօնական արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ''Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով'' ուղղուեցաւ Մանիլայի առաքելական նուիրակութիւն, մինչ պողոտաներու եզերքներու վրայ բազմահազար հաւատացեալներ ծափողջոյններով եւ խանդավառ աղաղակներով կը հիւրնկալէին Սուրբ Պետրոսին յաջորդը որ եկած է որպէս խաղաղութեան պատգամաբեր իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդելու Ֆիլիփինեան կղզեխումբի հաւատացեալները եւ սփոփելու անոնց ցաւերը ու ներշնչելու ապագայի նոր յոյսեր։
Մինչեւ երկուշաբթի` 19 յունուար 2015, Մանիլայի առաքելական պատուիրակութիւնը պիտի հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանակաւոր բնակավայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.