2015-01-14 10:56:52

ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ողջոյնի պատգամը Հաւատոյ Ժողովի ու Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի Եկեղեցւոյ վարդապետութեան յանձնախումբի նախագահներու հանդիպումին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) 13-15 Յունուար 2015 Հունգարիոյ Էսդերկոմ քաղաքին մէջ տեղի կ’ունենայ հաւատոյ ժողովի ու Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդի Եկեղեցւոյ վարդապետութեան յանձնախումբի նախագահներու հանդիպումը։ Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հետեւեալ պատգամը ուղղեց մասնակցողներուն.
Սիրեցեալ եղբայրներ, եպիսկոպոսութեան մէջ, ձեր այս հանդիպումին առթիւ ուզեցի իմ սիրալիր ողջոյնս ուղղել։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կարդինալ Կերարտ Միւլլերին` կառավարիչը Հաւատոյ Ժողովին, այս բարեբեր նախաձեռնութեան համար, որ կը նպատակադրէ արժէքաւորել տեղական եպիսկոպոսները ու մասնաւորապէս վարդապետական յանձնախումբերը, միութեան ու հաւատոյ համալրումի իրենց պատասխանատուութեան մէջ հանդէպ նոր սերունդներուն։
Ինչպէս գրեցի Աւետարանի Ուրախութիւնը առաքելական յորդորագիրիս մէջ ‘’եպիսկոպոսական դասերը կարող են կրկնապատկել ու բեղուն կերպով սատարել եպիսկոպոսական դասի նշանակութեան ու կիրարկումի ուղղութեամբ’’։ Մաղթանքս է որ ձեր հանդիպումը կարողանայ հաւաքաբար դիմագրաւել եւրոպական ցամաքամասին մէջ ներկայի կարգ մը վարդապետական ու հովուական դժուարութիւններ, նպատակ ունենալով շահագրգռել հաւատացեալներու մօտ միսիոներական նոր խանդ մը ու աւելի խոր նայուածք մը կեանքի վախճանաբանական ծաւալին մասին, առանց որու Եւրոպան կարող է կորսնցնել ‘’մարդաբանական ոգին’’ հակառակ անոր տածած սիրոյն ու պաշտպանութեան։
Ձեր աշխատանքը կը յանձնարարեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի Մայրական բարեխօսութեան` ճշմարիտ տիպարը ամէն հաւատացեալի ու սրտանց ձեզ կ՛օրհնեմ։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.