2015-01-14 09:39:05

Ֆրանչիսկոս Պապը Սրի Լանքայի մէջ Սուրբ հռչակեց երանելի Հայր Ժոզէֆ Վազը


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 14 յունուարին, Սրի Լանքայի ժամով առաւօտեան 08.30ին իսկ Հռոմի ժամով՝ 04.00ին , Քոլոմպօ քաղաղքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ հռչակեց Երանալի Ժոզէֆ Վազը, Ճիշդ նոյն վայրին մէջ ուր՝ 20 տարիներ առաջ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Հայր Ժոզէֆ Վազը երանելի հռչակած էր։
Նշենք , թէ Սուրբ ժոզէֆ­Վազը, Սրի Լանքայի եկեղեցւոյ առաջին Սուրբն է եւ թէ Ան յարգուած է ոչ միայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներու կողմէ։
Սուրբ Ժոզէֆ Վազը ծնած էր 1651-ին, Կոա քաղաքին մէջ, քահանայ ձեռնադրուած է 1676-ին ։ 1658 թուականին, Կաթողիկէ եկեղեցին մեծ տագնապի մէջ կը գտնուէր . կղերականները վտարուեցան երկրէն եւ մեծ հալածանքներու ենթարկուեցան։
Հայր Վազը կամաւոր կերպով որոշեց մնալ երկրին մէջ , ան կրցաւ ճարպիկութեամբ սիրաշահիլ երկրի Պուտտիսթ թագաւորը եւ մնաց միակ կաթողիկէ կղերականը որ ծածուկ կերպով շարունակեց քարոզել Քրիստոսի աւետարանը։
Հայր Ժոզէֆ Վազը 1711-ին՝ 59 տարեկանին, կնքեց իր մահկանացուն ։







All the contents on this site are copyrighted ©.