2015-01-14 13:51:41

Քահանայապետը արտակարգ ընդունելութիւն գտաւ սրիլանքացիներուն մօտ։


Յիսուսեան հայր ֆրետերիքօ Լոմպարտի` Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին տնօրէնը դրսեւորելով իր տպաւորութիւնները Սրի Լանքային մէջ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին վերապահուած ընդունելութեան ըսաւ. ''Սրբազան Քահանայապետը արտակարգ, սրտաբուխ ու ջերմ ընդունելութիւն գտաւ Սրիլանքայի բնակիչներէն, հակառակ որ երկրի կաթողիկէներու թիւը շատ համեստ է։ Բնակչութեան հետ առաջին շփումը եղաւ իրապէս շատ գեղեցիկ, ջերմ ու սիրալիր։ Քահանայապետը իր արտասանած ճառին մէջ քաջալերեց նորընտիր նախագահը աշխատելու երկրի հաշտութեան ի խնդիր։ Հայր Լոմպարտի դիտել տուաւ որ կը թուի թէ նորընտիր նախագահը լաւ ընդունելութիւն գտած է ժողովուրդին կողմէ, մասնաւորապէս աղքատ դասակարգի ու փոքրամասնութիւններու մօտ։
Պուտտայական կրօնապետերը իմանալով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իրենց երկիրը կատարելիք այցելութեան լուրը, պատրաստակամութիւն ցոյց տուին հանդիպելու անոր, որովհետեւ անոր պարզութիւնն ու աղքատասիրութիւնը զիրենք համոզած է։
Խօսելով ճամբորդութեան երկրորդ օրուայ օրակարգին մասին, Հայր Լոմպարտին ըսաւ. ''չորեքշաբթի օրը Սրբազան Քահանայապետին համար կարեւոր օր մըն է, քանի խորաններու պատուոյն կը բարձրացնէ երանելի Ժոզէֆ Վազը, Սրիլանքայի առաջին առաքեալը, բոլորէն սիրուած ու յարգուած անձնաւորութիւն մը հետեւաբար միութիւն նպաստող սուրբ մը, որ միշտ սիրած է աղքատները։
Ի զեկոյցին մէջ Հայր Լոմպարտին հուս ըսաւ. ''աղօթքս է որ այս առաքելական այցելութիւնը` Աստուծոյ մէկ շնորհքը, պտղաբեր ըլլայ, ոչ միայն այս օրերուն համար, այլ եւ տարիներու հոլովոյթին եւ ոչ միայն Եկեղեցւոյ համար այլ համայն ընկերութեան համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.