2015-01-14 11:18:18

Մարեմեան աղօթք Մատուի Սրբավայրին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 14 յունուարի յետմիջօրէին, Սրի Լանքա կատարած առաքելական այցելութեան շրջագիծէն ներս, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Մատուի Սրբավայրը որ Քոլոմպոյէն 250 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։
Ֆրանչիսկոս Պապը Մատուի սրբավայր ժամանեց ուղղաթիռով. Մատուի Տիրամօր Սրբավայրը կը գտնուի Մաննար թեմին մէջ։ Մատուի բնակչութեան մեծամասնութիւնը Թամիլ ցեղին կը պատկանին։ Մաննարի թեմը ունի 34 ժողովրդապետութիւններ ուր կը գործեն 55 թեմական քահանաներ, 329 կրօնաւոր քահանաներ եւ 183 կրօնաւորուհիներ։
Թեմը ունի 124 դաստիարակչական հաստատութիւններ եւ 21 բարեգործական կեդրոններ։ Թեմին եպիսկոպոսն է գերապայծառ Ժոզէֆ Ռայաբու։
Մատուի Տիրամօր Սրբավայրը ժամանելուն Սրբազան Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Թեմի եպիսկոպոսէն եւ տեղական քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ. Երկրին աւանդութեան համաձայն երկու մանուկներ Սրբազան Հօր նուիրեցին ծաղիկներով հիւսուած վզնոց մը որպէս բարի գալուստի մաղթանք։
Նախ քան Մարեմեան աղօթքի արարողութիւնը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով, շրջան ըրաւ սրբավայրին շուրջ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու միջեւ որոնք Նորին Սրբութիւնը ընկալեցին երգեցողութիւններով ու խանդավառ ծափողջոյններով։
Մարեմեան աղօթքի արարողութիւնը սկիզբ առաւ գերապայծառ Ժոզէֆ Ռայաբույի բարի գալուստի խօսքով որմէ ետք տեղի ունեցաւ Սուրբ Հոգւոյն նուիրուած աղօթք եւ աւետարանական ընթերցանութիւններ։ Արարողութեան ընթացքին Անգլերէն, Սինկալերէն եւ Թամիլ լեզուներով աղօթք մը արտասանուեցաւ որպէս աղերս Աստուածամօր` ամրապնդելու համար 2009-ին քաղաքացիական 30 տարիներէն ետք, ձեռք բերուած հաշտութիւնն ու խաղաղութիւնը։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ըսաւ

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
կը գտնուինք Տիրամօր բնակարանը։ Հոս, Աստուածածինը մեզի կ'ըսէ. բարի եկած էք։
Տիրամօր Մատհուի սրբավայրին մէջ, ամէն ուխտաւոր ինքզինք իր տան մէջ կը զգայ, որովհետեւ Հոս Մարիամ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի Յիսուս` իր Որդին։
Այս սրբավայրին մէջ սրիլանքացիները, թամիլները եւ սինկալեցիները, կը գտնուին որպէս անդամները միեւնոյն ընտանիքին։ Մարիամին կը յանձնեն իրենց ուրախութիւնները, ցաւերը, յոյսերն ու կարիքները։ Հոս իրենց տան մէջ իրենք զիրենք ապահով կը զգան։ Գիտեն որ Տէրը ներկայ է, կը զգան Անոր սէրը, կը ճանչնան Անոր գթառատ ողորմութիւնը։
Հոս ընտանիքներ կու գան որովհետեւ շատ տառապեցան քաղաքացիական ընդհարումի պատճառաւ։ Բազմաթիւ անհատներ, հիւսիսէն-հարաւ, զոհ գացին այդ ահաւոր արիւնալի ընդհարումին։
Բոլոր սրիլանքացիները չեն մոռցած ողբերգական այն դէպքերը առընչուած այս սրբավայրի պատմութեան, ուր Մարիամի արձանը, հասած Սրի Լանքայի առաջին քրիստոնեաներէն, սրբավայրէն արտահան եղած է։ Տիրամայրը սակայն միշտ ձեզի հետ մնաց։ Ան Մայրն է ամէն տան, վիրաւոր ամէն ընտանիքի եւ բոլոր անոնց որոնք խաղաղութիւնը կը փնտռեն։
Այսօր մեր երախտագիտութիւնը յայտնենք Անոր, որովհետեւ պաշտպանը եղաւ անցեալի ու ներկայի Սրի Լանքայի բոլոր ժողովուրդին։ Մարիամ բնաւ չի մոռնար այս սքանչելի կղզիի զաւակները։
Այսօր կ'ուզենք իրմէ խնդրել Աստուածային ողորմութեան շնորհքը։ Զղջանք մեր անցեալի մեղքերուն համար որպէսզի ներում ստանանք։ Իրարու ներելով պիտի կարողանանք գտնել սրտի խաղաղութիւնը։ Այս ուղղութեամբ Մարիամ միշտ պատրաստ է օգնելու սրիլանքացիներուն` հաշտութեան ուղիով։ Տիրամօրմէն խնդրենք հաշտեցնել երկրի բոլոր հասարակութիւնները` սրիլանքացի, թամիլ ու սինկալեցի, միասնաբար վերակերտելու կորսուած միութիւնը։
Ինչպէս Տիրամօր արձանը իր սրբավայրը վերադարձաւ, աղօթենք որ այս երկրի բոլոր զաւակները վերադառնան Աստուծոյ տունը` հաշտութեան ու եղբայրակցութեան վերանորոգ ոգիով։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ ապա Քահանայապետը իր խօսքին աւարտին - ուրախ եմ ձեր մէջ գտնուելու Տիրամօր տան մէջ։ Մէկը միւսին համար աղօթենք եւ խնդրենք որ այս սրբավայրը միշտ մնայ տունը աղօթքի ու ապաստանը խաղաղութեան։
Մատհուի Տիրամօր բարեխօսութեամբ թող ամէնքը կարողանան գտնել ներշնչումն ու զօրութիւնը կերտելու երկրի ապագայի հաշտութիւնը, արդարութիւնը ու խաղաղութիւնը։ Ամէն








All the contents on this site are copyrighted ©.