2015-01-13 14:17:50

Պատրիարք Եունան Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


Շաբաթ, 10 Յունուար 2015, կէսօրէն ետք, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Պատրիարքարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը ասորի կաթողիկէներու Պատրիարք ամենապատիւ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանի, որուն կ'ընկերակցէր բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը։ Ասորի կաթողիկէներու համայնքապետը եկած էր Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առթիւ իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները յայտնելու ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ։ Այցելութիւնը միաժամանակ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու շրջանային կացութեան եւ մասնաւորաբար Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած ծանրագոյն դժուարութիւններուն։ Երկու համայնքապետերը վերահաստատեցին դժուարին իրավիճակներու մատնուած քրիստոնեայ հասարակութիւններուն ամէն գնով եւ ամէն ձեւով մօտիկութիւն ցոյց տալու եւ զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.