2015-01-13 14:43:23

''Աղօթքս է որ Ամենակալ Աստուած ներդաշնակ համագործակցութիւն յառաջացնէ Սրի Լանքայի ժողովուրդի բարիքին համար'' գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը ''Պանտարանայքէ'' կոչուած յուշահամալիրի ոսկեմատիանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 13 յունուարին, Քոլոմպօ քաղաքին մէջ գտնուող՝՝Պանտարանայքէ՝՝ կոչուած յուշահամալիրի դահլիճներուն մէկուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպում ունեցաւ երկրին զանազան կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ ։
ֆրանչիսկոս Պապը յուշահամալիր ժամանեց տեղական ժամով 18,15-ին (Հռոմի ժամով 13,45-ին) ուր ներկայ էին Պուտտիսդ, Ինտու, մահմետական եւ քրիստոնեայ հասարակութիւններու եւ այլ համայնքներուն ներկայացուցիչներ։
Ստորագրելով ՝՝Պանտարանայքէ՝՝ համալիրի հիւրերու ոսկեմատեանը Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց` ՝՝Շնորհակալութիւն յայտնելով՝ երկրի զանազան կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու կարելիութեան համար, կ՝աղօթեմ Ամենակալ Աստուծոյ, որպէսզի ներդաշնակ համագործակցութիւն յառաջացնէ Սրի Լանքայի ժողովուրդի բարիքին համար՝՝։
Յայտնենք, որ միջկրօնական հանդիպումին սկիզբը տեղի ունեցան զանազան կրօններու ներկայացուցիչներու աղօթքներ եւ օրհնութիւնները։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ խօսք առաւ ՝ Ասիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի միջկրօնային երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու` Գերապայծառ Քլէթուս Փէրէրա։
Հանդիպման աւարտին Նորին Սրբութիւնը առանձնական հանդիպում ունեցաւ մի քանի կրօնապետերուն հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.