2015-01-12 12:05:13

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 12 յունուարի թուիթը եւ Մարիա Մաճճորէ տաճարին այցելութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 12 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց թուիթ մը, որուն մէջ հաւատացեալներէն խնդրեց իրեն ընկերանալ աղօթքով իր այելած երկիրներու ժողովուրդներուն համար։
Ֆրանչիսկոս Պապը գրեց` ''Այսօր՝ սկիզբ կ՝առնէ իմ ճամբորդութիւնս դէպի Սրի Լանքա եւ Ֆիլիբինեան կղզեխումբ, կը խնդրեմ ինծի միացէք աղօթքով սոյն երկիրներու ժողովուրդներուն համար''։
Նշենք, թէ կիրակի 11 յունուարին, երեկոյեան ժամը 7.00ին, Նորին Սրբութիւնը, իր սովորութեան համաձայն, նախ քան միջազգային առաքելական ճամբորդութիւն կատարելը, այցելեց Հռոմի՝ Տիրամօր նուիրուած Մարիա ՄաՃճորէ տաճարը. ուր 30 վայրկեան աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ՝ Տիրամօր նուիրուած ''Salus populi romani'' Աստուածամօր սրբապատկերին առաջեւ, անոր հովանիին յանձնելով Սրի Լանքա եւ Ֆլիփփինեան կղզեխումբ կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.