Վալենսիայի Հայերը “Charlie Hebdo”-ի զոհերու յիշատակին Սուրբ Պատարագ մատուցած են
Ֆրանսական “Charlie Hebdo” շաբաթաթերթի խմբագրութեան դէմ իրականացած ահաբեկչութեան զոհերու
յիշատակին նուիրուած սուրբ պատարագ մատուցուած է Վալենսիայի Սուրբ Սահակ հայկական եկեղեցւոյ
մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով Nouvelles d’Armenie ամսագիրը: Սուրբ
պատարագի մասնակիցները Տէր հայր Անդրանիկ Մալտճեանի առաջնորդութեամբ նաեւ ծաղիկներ դրած
են հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ կանգնեցուած խաչքարին դիմաց: Արարողութեան մասնակից
երիտասարդներէն շատերը “ես Charlie եմ” կարգախօսով պաստառներ պահած են, իսկ հայր Անդրանիկ
Մալտճեան Հայ եկեղեցւոյ համերաշխութիւնը յայտնած է սպաննուած ծաղրանկարիչներու ընտանիքներուն
եւ հարազատներուն, ապա ծաղկեպսակ դրած խաչքարին առջեւ: Նահատակներու յիշատակին մահախօսական
կարդացած է վալենսացի ծաղրանկարիչ Գրիգոր Ամիրզեանը, որ խստօրէն քննադատած է խօսքի, կարծիքի
ազատ արտայայտման եւ ծաղրանկարի դէմ այս կոպիտ ոտնձգութիւնը: “Մենք՝ հայերս, առաջին քրիստոնեայ
ազգն ենք աշխարհի մէջ եւ բազմիցս տուժած ենք մեր զաւթիչներու բարբարոսութիւններէն եւ
յատկապէս կրօնական անհանդուրժողականութենէն: Մենք պէտք է աւելի քան երբեւէ յայտնենք
մեր համերաշխութիւնը Ֆրանսային: Հայերը շատ ծանր գին վճարած են կրօնական ատելութեան պատճառով:
Այսօր այդ ամէնը հասած է Արեւմուտք. Եւրոպան կ’անցնի այն ամէնի մէջէն, որ Հայաստանը անցած
է վերջին դարերուն եւ անգամ քսանմէկերորդ դարուն, երբ Ատրպէյճանը հարիւրաւոր հայկական
խաչքարեր ոչնչացուց Նախիջեւանի Նոր Ջուղայի մէջ”,- ըսած է Գրիգոր Ամիրզայեան: