2015-01-12 09:42:36

Եկեղեցական գիտելիքներ
Առաջին Շաբաթ Յայտնութեան (11-18 Յունուար 2015)


Կիրակի 11 Յունուարին, տակաւին կը գտնուինք Յայտնութեան Ութօրէքին մէջ եւ ամէն ինչ կը կատարուի իբրեւ թէ Քրիստոսի Յայտնութիւնն ու Մկրտութիւնը կը տօնենք։ Ութօրէքը կ՛երկարի մինչեւ երեքշաբթի եւ այս շրջանին կը կարդացուին կամ Յիսուսի Մկրտութեան աւետարանները, կամ ալ` Մոգերու Յայտնութեան աւետարանը։
Կիրակի օր` կը տեսնենք Յիսուս, անմեղը` որ կու գայ խնդրելու մկրտութիւն Յովհաննէս Մկրտիչէն։ երեք պատճառներ կան Քրիստոսի այս նխաձեռնութեան. Նախ կու գայ ամբողջացնելու Յովհաննէսի մկրտութիւնը. Յովհաննէս կը մկրտէ ջուրով, իսկ Յիսուս` Սուրբ Հոգիով։ Ապա կ՛ուզէ օրինակ հանդիսանալ մարդկութեան թէ մկրտութիւնը անհրաժեշտ է մտնելու համար Աստուծոյ արքայութիւնը։ Ի վերջոյ` մկրտութեամբը կր յայտնէ Ամենասուրբ Երրորդութեան երեք անձերը, Հայրը, Որդին եւ Հոգին, որոնց ներգործութեամբ մենք կը դառնանք քրիստոնեայ եւ իրաւունք կ՛ունենանք ժառանգելու յաւիտենական կեանքը։
Չորեքշաբթի 14 Յունուարին կը տօնենք Սուրբ Յովհաննէս Կարապետի տօնը, որ է իր քարոզութեան յիշատակը անապատին մէջ. Ան կոչուած է կարապետ, որովհետեւ կ՛առաջնորդէ ժողովուրդը դէպի Քրիստոս, ինչպէս նաեւ կը պատրաստէ ճանապարհը անոր գալստեան։ Յովհաննէս երեք տօն ունի տարուան ընթացքին. Մին յունուար 15-ին, կամ անոր մօտակայ թուական մը, երկրորդը` Զատկուայ յաջորդող շաբաթ օրը, Յինանց շրջանին, որ իր գլխատման յիշատակութիւնն է, իսկ երրորդը` Յինանց շրջանէն անմիջապէս ետք` կը յաջորդէ Հռիփսիմեանց եւ Գայեանեանց տօներուն։
Հինգշաբթի 15 Յունուարին` տօնն է Պետրոսի, Աղեքսանդրիոյ հայրապետին եւ իր օգնական` Աբիսողոմ Սարկաւագին։ Պետրոսը Աթանասի նախորդին նախորդն էր եւ հալածանքներու ընթացքին Առեքսանդրիոյ հայրապետական աթոռին վրայ բարձրացաւ։ ան ամէն ջանք թափեց պաշտպանելու համար իրեն յանձնուած հօտը հալածանքներու ժամանակ։ Պայքարեցաւ նաեւ Մելիտոսի դէմ որ նոր աղանդի մը դուռը կը բանար Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ յետագային` Արիոսի դէմ։ Անգամ մը աքսորուեցաւ, Մելիտոսի պատճառաւ, ապա ետ դարձաւ իր թեմը որ անտէր մնացած էր կայսերական հալածանքներու պատճառաւ։ Երբ Մաքսիմիանոս հազարապետը Աղեքսանդրիա եկաւ, Պետրոս արդէն բանտարկուած էր, քրիստոնէութեան պատճառաւ. Հռովմայեցի զինուորականը ուզեց զինք բանտէն հանել եւ գլխատել տալ, սակայն բոլոր ժողովուրդը պատնէշի նման կայնեցաւ բանտին առջեւ եւ չթողուց որ սուրբը դուրս հանուի։ Այն ատեն, հայրապետը ինք ուղարկեց իր հաւատարիմ սարկաւագը` Աբիսողոմ, որպէսզի խորհուրդ տար Մաքսիմիանոսի գիշերով գալ բանտը եւ պատը ծակելով` զինք դուրս հանել եւ տանիլ նահատակութեան վայրը. Ինչ որ կատարեց հազարապետը եւ սուրբը իր արիւնի հեղումովը ընդունեցաւ նահատակութեան պսակը 311-ին։ Աբիսողոմ եւս իր կարգին խոստովանական մահով կնքեց իր կեանքը։
Նոյն օրը տօնն է նաեւ Ս. Սեղբեստրոս Հռոմի հայրապետին եւ յիշատակը Կոստանդիանոս Թագաւորին։
Շաբաթ 17 Յունուարին, տօնն է Սուրբ Անտոն անապատականի. Կրնանք սեպել զինք Եկեղեցւոյ վանականներու նահապետը եւ ճգնաւորներու հայրը։ Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա քաղաքը, 251 թուին. Իր ծնողաց մահուընէ ետք` բոլոր ունեցածները աղքատներուն կը բաժնէ եւ Թեպայի շրջանի անապատը կը քաշուի ճգնելու համար։ Երբ կը տեսնէ թէ բազմաթիւ աշակերտներ իրեն կը հետեւին եւ անապատ կը քաշուին, 305 թուին կը հիմնէ առաջին վանքը միայնակեաց կրօնաւորներու. Իր հռչակը հետզհետէ ընդարձակուելով` բազմաթիւ վանքեր կը հաստատէ, այրերու թէ կիներու, անոնց համար օրէնքներ սահմանելով (Անտոնեան կրօնաւորներու օրէնքները). կը պայքարի նաեւ արիոսեան աղանդին դէմ. Կը վախճանի 356 թուին, 105 տարեկանին, ։ Իր կեանքի եւ գործերուն մասին գրած է Ս. Աթանաս մեծ հայրապետը։ Նոյն օրը տօնն է նաեւ Ս. Գր. Աստուածաբանին...
Կիրակի 18 Յունուարը՝ Յայտնութեան Բ. Կիրակին է։ Նաեւ սկիզբ կ՝առնէ Միութեան համար աղօթքներու շաբաթը։
Միութեան համար աղօթքներու շաբաթը ( Յունուար 18-25)
Սովորութիւն է Եկեղեցւոյ մէջ` ամէն տարի յունուար 18-25 աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու միութեան համար։ Ընդհանրապէս բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները կը հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ` իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցանելու, ցոյց տալով այսպէսով Տիեզերական Եկեղեցւոյ հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը, միութեան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.