2015-01-12 11:20:37

Ասիան Մոլորակին ամէնէն լայնատարած աշխարհամասը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ասիան` Մոլորակի ամէնէն լայնատարած աշխարհամասն է ուր կը բնակին համաշխարհային ժողովուրդներու մօտաւորապէս երկու երորդը:
Չինաստանը եւ Հնդկաստանը միասին կը կազմեն Երկիր Մոլորակի բնակչութեան գրեթէ կէսը:
Ասիան հնագոյն քաղաքակրթութիւններով,սովորութիւններով, ցեղերու եւ լեզուներու բազմազանութեամբ ամէնէն հարուստ աշխարհամասն է: Ան մշակոյթներու իրական խճանկար մըն է: Այս երկրամասը կը ներկայացնէ իրարմէ տարբեր տնտեսական իրականութիւններ: Կ՛ընդգրկէ աշխարհի քանի մը հարուստ երկիրներ, ինչպէս Ճափոնը, Չինաստանը, Թայուանը, ինչպէս նաեւ մոլորակին ամէնէն աղքատ երկիրները` Հիւսիսային Քորէան, Քամբոճան եւ Լաոսը: Անոր սահմաններուն վրայ կը գտնուի աշխարհի ամէնէն մեծ համայնավար երկիրը` Չինաստանը եւ ամէնէն մեծ ժողովրդավար երկիրը` Հնդկաստանը: Ասիան կը հանդիսանայ բազմաթիւ կրօններու օրրանը: Այս ցամաքամասը աւետարանութեան կարեւոր հանգրուան նկատուած է եւ ասոր համար Քահանայապետն ու Եկեղեցին յատուկ ուշադրութիւն կ՛ընծայեն ցամաքամասի առաքելութեան։

Նոր մեթոտաբանութեան առաջարկ Ասիոյ Եկեղեցւոյ կողմէ։
Ասիոյ Եկեղեցւոյ կողմէ աւետարանման նոր մեթոդաբանութիւնը` ոգեկոչող մանկավարժութիւն մըն է, որ կը գործածէ պատմութիւններ, առակներ եւ խորհրդանշաններ: Յիսուսը իբրեւ միակ Փրկիչ ներկայացնելը, կարիք ունի հետեւելու նոր մանկավարժութեան մը, որ պիտի խթանէ քայլ առ քայլ մարդոց` Խորհուրդը ամբողջապէս իւրացնելու ընթացքին:
Պօղոս Զ-ի Առաքելական Յորդորը կ’արաջարկէ ասիական մտքին եւ մշակոյթին ըմբռնելի Յիսուս մը. ''Յիսուս Քրիստոս իբրեւ իմաստութեան Վարպետ, Բժշկող, Ազատարար, հոգեւոր Առաջնորդ, կարեկից բարեկամ աղքատներու, բարի Սամարացի ու բարի Հովիւ'':
Աստուածաբանութիւնը միշտ կարիքը չունի վերացական գաղափարներ արտայայտելու, կրնայ հաղորդակցիլ առակներու կամ անոնց վերաբերող մտածումներով, պարերով, արուեստի գործերով, ինչու չէ նաեւ շարժապատկերներով:
Ասիական ամբողջութիւնը կը բնորոշուի երկու հիմնական իրականութիւններով.
Բնակչութեան մեծամասնութեան ծայրայեղ աղքատութեամբ եւ կրօններու բազմազանութեամբ, ինչի պատճառաւ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն կը կազմեն: Այս երկու իրականութիւնները այսպէս կոչուած ''Ասիականութեան'' բաղադրիչ տարրերը կը կազմեն: Այսպիսի ''Ասիականութեան'' մը եւ սեփական մշակոյթի ու կրօնի աւանդութիւններուն հաւատարիմ ըլլալու համար, հարկաւոր է ունենալ քրիստոնէական փորձառութիւն: Աստուածաբանութիւնը Ասիոյ մէջ, առաջնահերթութիւն տալու է միջկրօնական երկխօսութեան:
Աշխարհի երիտասարդներու մեծամասնութիւնը` մօտաւորապէս 1,85 առ հարիւրը կ’ապրի զարգացման ճանապարհին գտնուող երկիրներու մէջ եւ Ասիոյ մէջ անոնց թիւը կը կազմէ 60%: Անոնց քրիստոնէական կազմաւորումը պէտք է մեկնի այն սկզբունքէն, որ անոնք ոչ միայն Եկեղեցւոյ հովուական խնամքի առարկաներն են, այլ նաեւ անոր առաքելութեան` սիրոյ եւ ծառայութեան գործակիցները: Խանդավառութիւնը, զօրակցութիւնն ու յոյսը այս բաժնուած աշխարհիս մէջ զանոնք կը դարձնէ խաղաղութեան կառուցողներ:
Կը խօսուի նաեւ կնոջ դերի կարեւորութեան մասին Եկեղեցւոյ մէջ, յատկապէս կը հրաւիրէ ասիական եկեղեցիներուն` ընծայելու վերջիններուս հնարաւորութիւնը կարենալ հետեւելու աստուածաբանութեան եւ այլ մարզի դասընթացներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.