2015-01-12 09:43:42

Այսօր սկիզբ կ՛առնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի միջազգային առաքելական 7-րդ ճամբորդութիւնը դէպի Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յունուար 12-19, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ։ Սոյն հովուական այցելութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիsկսոս Քահանայապետիn 7-րդ միջազգային հովուական այցելութիւն։ Առաջինը եղաւ Պրազիլ, երկրորդը Սուրբ Երկիր, երրորդը Քորէա, ապա Ալպանիա, հուսկ Թուրքիա եւ այժմ Սրի Լանքա եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբ։
Ֆրանչիկոս Պապէն առաջ սոյն երկիները այցելած են նաեւ երանելի Պօղոս Զ քահանայապետը 1970-ին եւ սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 1981-ին եւ 1995-ին երբ նշեց Մանիլայի Երիտասարդութեան 10-րդ համաշխարհային օրը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 5 միլիոն երիտասարդներ։
Ֆրանչիկսոս Պապը` իր Քահանայապետ ընտրուելէն ի վեր յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Ասիական ցամաքամասի առաքելութեան։ Այս երկրորդ անգամն է որ Սրբազան Հայրը կ՛այցելէ ասիական երկիրներ անցեալ տարի Քորէա կատարած առաքելական այցելութեանն ետք։
Նորին Սրբութիւնը վերոյիշեալ երկիրները կ՛այցելէ Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հարուածող ''Թիֆոնի'' առաջին տարեդարձին առթիւ, որուն զոհ եղան 15 միլիոն անհատներ եւ որ 6.300 մեռեալ պատճառեց, մինչ Սրի Լանքային կատարած այցելութիւնը կը յատկանշուի միջ կրօնական համակեցութեամբ եւ երկիրն 30 տարներու քաղաքացիական պատերազմի դադարումով։

Երկուշաբթի` 12 յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-ին Սրբազան Քահանայապետը ու իրեն ընկերացող պատուիրակութիւնը կը մեկնին Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանէն եւ կ՛ուղղուին դէպի Սրի Լանքայի Քոլոմպօ միջազգային օդակայան ուր կը ժամանեն, 9 ժամ 40 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէն ետք, 13 յունուար 2015-ի առաւօտեան 9-ին տեղական ժամով որ Հռոմի ժամով կը համապատասխանէ առաւօտեան 4,30-ին։
Իր կեցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը բացի փրոթոքոլային հանդիպումներէն` նախագահներու եւ պետական իշխանութիւններու հետ, հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղական եպիսկոպոսներուն եւ կղերին անդամներուն հետ. Սուրբերու դասին պիտի բարձրացնէ երանելի Ճուզեփփէ Վազը։ պիտի հանդիպի երկու երկիրներու կրօնապետերուն հետ, ինչպէս նաեւ ''թիֆոնի'' զոհ վերապրող մի քանի ընտանիքներուն հետ ու ապա Մանիլայի մէջ երիտասարդներուն հետ միասին պիտի վերյիշէ 1995-ի երիտասարդութեան հաւաքին 20 ամեակը։
Սրբազան Հայրը ապա բացումը պիտի կատարէ իր անունը կրող աղքատներու վերապահուած կեդրոնի մը։
Քահանայապետին այս 7-րդ միջազգային ճամբորդութեան պիտի ընկերակցին համայն աշխարհը ներկայացնող 85 լրագրողներ։ Երկու երկիրներուն տուած հովուական այցելութեան ընթացքին Քահանայապետը պիտի արտասանէ 11 ճառեր` չորսը Արի Լանքայի մէջ եւ եօթն Ֆիլիփինեան կղզեխումբին մէջ, ամէնքը Անգլերէնով։ Իր տեղափոխումներուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի օգտագործէ ''քահանայապետական ճերմակ ինքնաշարժը – Papa Mobile''։
Ընդհանուր ճամբորդութիւնը պիտի տեւէ 8 օր` երեքը յատկացուած ճամբորդութիւններու. Հռոմէն` Քոլոմպօ ապա Քոլոմպոյէն` Մանիլա հուսկ Մանիլայէն` Հռոմ, մինչ մնացած 5 օրերը յատկացուած են լոկ հովուական առաքելութեան ։








All the contents on this site are copyrighted ©.