2015-01-11 12:43:07

''Ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք որ Եկեղեցիէն դուրս կարելի չէ քրիստոնեայ ըլլալ'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Սիքստինեան մատրան մէջ սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի արարողութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 11 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ըստ լատինաց Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին առթիւ, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ, ըստ աւանդութեան, մատակարարեց սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը, Վատիկանի պաշտօնեաներու 33 նորածին մանուկներուն։

Սուրբ արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան ս. գրային ընթերցումները հրաւիրեց ծնողները ըլլալ հոգատար ու բարի օրինակ հանդիսանալ իրենց զաւակներուն համար ` Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելով։
Դուք Մայրեր ձեր գաւակներուն կաթ կու տաք – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - Աստուծոյ խօսքն ալ կը նմանի կաթին եւ կը ծառայէ Հոգւոյն սնունդին։ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Եկեղեցւոյ անդամակցութեան ու եկեղեցւոյ հաւատքին։ Սուրբ Մկրտութեամբ կը դառնանք անդամ Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին եւ անդամ Եկեղեցւոյ մարմնին, ուր հաւատքը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։ ''Դուք ընտանիքներ Յիսուսէն կ՛առնէք հաւատքի լոյսը ու զայն կը փոխանցէք ձեր զաւակներուն առ այդ ձեր զաւակներուն սորվեցուցէք որ կարելի չէ քրիստոնեայ ըլլալ Եկեղեցիէն դուրս. Կարելի չէ Յիսուս Քրիստոսին հետեւիլ առանց Եկեղեցւոյ, որովհետեւ Եկեղեցին Մայր մըն է ու մեզ կ՛աճեցնէ Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն մէջ'', հաստատեց Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց սուրբ մկրտութեան խորհուրդի իմաստին վրայ` ''Մկրտութեամբ մենք կը ծնինք ս. Հոգիով։ Քրիստոնեայ կը նշանակէ օծեալ` Յիսուսի նման, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ։ Առ այդ սիրելի ծնողներ եւ կնքահայր ու կնքամայրեր. օգնեցէք ձեր զաւակներուն մխրճուելու Սուրբ Հոգւոյն մէջ, այսինքն Աստուծոյ սիրոյ ջերմութեան մէջ ու Անոր խօսքին լոյսին մէջ, մանաւանդ հայցելով Սուրբ Հոգւոյն գալուստը այս պարզ աղօթքով` ''Եկ սուրբ հոգի ու լիացուր հաւատացեալներուն սրտերը ու անոնց մէջ հրահրէ քու սիրոյդ կրակը''։ Այս աղօթքով դուք կը զգաք Սուրբ Կոյս Մարիամի ներկայութիւնը։ Ան է որ մեզի կը սորվեցնէ աղօթել ու ապրիլ Սուրբ Հոգիին համաձայն։ Սուրբ Կոյսը` մեր Մայրը, առաջնորդէ ձեր զաւակներուն եւ ձեր ընտանիքներուն քայլերը - ըսաւ Քահանայապետը քարոզը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.