2015-01-11 13:03:05

Ասիոյ մէջ Աւետարանման դժուարութիւնները - Եկեղեցական վեհաժողով Ասիոյ համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Յովհաննէս Պօղոս Բ.` ''Եկեղեցին Ասիոյ մէջ'', իր հովուական յորդորին մէջ կը հետեւցնէ. ''Իրապէս խորհուրդ մըն է, թէ Ասիոյ մէջ ծնած աշխարհի Փրկիչը ինչու մինչեւ օրս պիտի մնայ անծանօթ այս երկրամասի ժողովուրդներուն'':
Նոյն փաստաթուղթը կը նշէ նաեւ այն փաստը, որ սիւնհոդոսական հայրերը ժողովին ատեն բազմիցս խօսած են` Յիսուսը իբրեւ միակ Փրկիչ քարոզած ատենին ունեցած դժուարութիւններու մասին. Ասիոյ մէջ մեծ կրօններու որոշ հետեւորդներ դժուարութիւն չունին ընդունելու Յիսուսը իբրեւ յայտնութիւն մը Աստուածայինին կամ Բացարձակին, սակայն իրենց համար դժուար է Անոր մէջ տեսնել իբրեւ Աստուածայինին միակ յայտնութիւնը:
Դժուարութիւնը աւելի ակնյայտ է 1991-ին` Քահանայապետական Խորհուրդի Ժողովին կազմուած ''Երկխօսութիւնը եւ Աւետարանացումը'' փաստաթուղթին մէջ: Հոն նշուած են կարգ մը օրինակներ.
Անցեալին որդեգրած որոշ միջոցներ աւելի կը դժուարացնեն աւետարանումը եւ այլադաւաններուն վախի եւ կասկածի առիթ կու տան, անոնք կրնան մտավախութիւնը ունենալ, որ Եկեղեցւոյ աւետարանացման առաքելութիւնը կրնայ իրենց սեփական կրօնի եւ մշակոյթի քայքայման պատճառ հանդիսանալ: Սակայն ամէնէն մեծ խնդիրը` Յիսուսի եւ քրիստոնէութեան ''օտարոտի'' նկատուիլն է: Հակառակ իր բազմադարեան ներկայութեան եւ իր առաքելական ջանքերուն, Եկեղեցին Ասիոյ շատ մը երկիրներու մէջ նկատուած է տարաշխարհիկ իրականութիւն մը:
Անհրաժեշտ է անցք մը կատարել դէպի նոր Քրիստոսաբանութիւն. ո°չ ''Ուղղաթիռ Եկեղեցւոյ'' որ վերէն կ’իջնէ` Քրիստոսը քարոզելու համար եւ ասոր պատճառաւ նոյնացած է իշխանութեան, հարստութեան, դաւանաբանութեան, այլ Եկեղեցիոյ մը որ հաղորդակից է աղքատներուն եւ այլադաւաններուն հետ ու միշտ ներկայ է ծառայելու եւ ո՛չ միայն ծառայութիւն ընդունելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.