2015-01-10 10:25:45

Քրիստոնէութեան բարդ իրականութիւնը Ասիոյ մէջ։ Քրիստոնէութիւնը իբրեւ օտարազգի կրօն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնէութիւնը նոյնպէս ծնէր է Ասիոյ մէջ, սակայն տարօրինակ կերպով մինչեւ օրս ասիական ժողովուրդներու ջախջախիչ մեծամասնութեան կարծիքով նկատուած է իբրեւ ''տարաշխարհիկ'' կրօն մը, կամ աւելի գէշ` իբրեւ արեւմուտքի նախկին գաղթականներու կրօն:
Սակայն քրիստոնէութիւնը Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ տարածուած է դեռեւս առաջին չորս դարերու ընթացքին: Այս տարածման սկիզբ հանդիսացած է Սուրիան, որտեղէն հասած է Հնդկաստան` ուր աւանդութեան համաձայն քարոզած է Ս. Թովմաս առաքեալ Ք. Ե.` Ա դարուն, ետքը հասած է մինչեւ Չինաստան` Թ’անգ արքայատոհմի գերիշխանութեան ժամանակ` նեստորական Ալոպէն վանականին միջոցաւ, Է դարուն:
Ի հեճուկս քրիստոնէութեան 400 տարիներու այս տարածումին` ԺԶ-րդ դ. Եւրոպական գաղթականութիւնը բազմանալով, քրիստոնէութիւնը գրեթէ կ՛անհետանայ Ասիոյ մէջ: Պատճառները զանազան են.
Մէկ կողմէ կրօններու հսկայ աւանդութիւններու եւ ասիական հին, արմատացած մշակոյթներու ներկայութիւնը եւ այս երկիրներու մէջ քրիստոնէութիւնը` երբեք պետական կրօն չհռչակուելու փաստը: Իսկ միւս կողմէ քրիստոնեաներու թիւին սահմանափակումը եւ կղզիացումը քրիստոնեայ այլ հասարակութիւններէ: Կղզիացում մը, որ ցեղային, դասակարգային եւ աշխարհագրական բնորոշում ստանալով` դարերու ընթացքին զօրացուց քրիստոնեայ հասարակութիւններու` օտար եւ բաժնուած մարմին ըլլալու գաղափարը: Մշակութային եւ ընկերային այս հնագոյն ժառանգութիւններուն աւելցած է նաեւ գաղութատիրութիւնը, որ աւելի եւս կը խորացնէ ասիական հասարակութեան եւ քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ եղած բաժանումը:
Նմանատիպ բաժանումներ ակնյայտ են յատկապէս հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ: Օրինակ Փաքիստանի մէջ բնակչութեան մեծամասնութիւնը Իսլամ-սիւննիներ են, որոնք կը կազմեն ամէնէն աղքատ խաւը: Քրիստոնեաները կը կազմեն ամբողջ բնակչութեան միայն 2% , իսկ Հնդկաստանի մէջ քրիստոնեաները կեդրոնացած են աւելի Քերալա` եւ կը կազմեն բնակչութեան 29%:
Վերջին տասնամեակներուն համաշխարհայնացումը աւելի սրեց այս ընդհարումը ու վերարծարծեց ինքնութեան զգացումները` նպաստելով կրօնական եւ ազգային ծայրայեղականութեան զարթօնքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.