2015-01-10 13:11:23

Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի աւանդական մատակարարումը Սիքստինեան մատրան մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 11 յունուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Լատին Եկեղեցւոյ համար Յիսուսի Սուրբ Մկրտութեան տօնին առթիւ, Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ, ըստ աւանդութեան, Վատիկանի պաշտօնեաներու 33 նորածին մանուկներուն կը մատակարարէ սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։

Միքէլանճէլոյի սքանչելի ստեղծագործութիւն նկատուած Սիքստինեան մատուրի բացումը տեղի ունեցած է` 31 Հոկտեմբեր 1512-ին, Կիւրեղ Բ Քահանայապետի գլխաւորած ժամասացութեան արարողութեամբ։

Սիքստինեան Մատուրին մէջ, ամէն յունուար ամսուայ ընթացքին, ըստ լատինաց Յիսուսի մկրտութեան յիշատակի տօնին օրը, Քահանայապետը Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը կը մատակարարէ Վատիկանի պաշտօնեաներու նորածին մանուկներուն։

Սիքստինեան մատրան աշխատանքները տեւած են 4 տարիներ (1508-1512) որոնց ընթացքին Միքէլանճէլոն իրագործած է դարերու հոլովոյթին գեղարուեստի ''կանթեղ'' դարձած իր այս 1000 մեթր քառակուսի տարածութիւնը ունեցող իր ստեղծագործութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.