2015-01-10 09:22:39

Զ-րդ օր Յայտնութեան
Մարկոս 1, 1-13


RealAudioMP3 Ահաւասիկ Յայտնութեան շրջանին 6րդ օրուայ մէջն ենք: Մի քանի օր առաջ ապրեցանք այն հրաշալի պահը, ուր Աստուած ինքզինք կը յայտնէ արեւելքէն ժամանած մոգերու, որոնք հեթանոս աշխարհը կը ներկայացնէին: Այդ մոգերը, զորս հայոց եկեղեցին անոնց անունները կու տայ. Մելքոն, Գասպար ու պաղտասար, առաջնորդուած նոյն աստղէն, զոր իրենց երեւցաւ արեւելք, 13 օր ճանապարհ կտրեցին տեսնելու համար աշխարհի Փրկիչը` Էմմանուէլ: Երբ հասան, մանուկ Յիսուսին ընծայեցին ոսկի, խունկ եւ զմուռս: Ոսկին կը խորհրդանշէ անոր թագաւոր ըլլալը, խունկը` անոր աստուածութիւնը, իսկ զմուռս անոր մարդկային բնութիւնը:
Աստուածայայտնութեան մեծ խորհուրդը, սակայն հոս չի վերջանար: Մեր Տէրը` Յիսուս իր կեանքին ու առաքելութեան ընթացքին երեք զանազան կերպերով յայտնեց ինքզինք: Նախ մոգերուն, որոնք եկան ու երկրպագեցին անոր: Երկրորդ յայտնութիւնը, զոր այսօր կը վերապրինք Մարկոս աւետարանիչի խօսքերով, տեղի ունեցաւ երբ Քրիստոս Յորդանան գետին մէջ մկրտուեցաւ Յովհաննէս մկրտիչէն, ուր երկինքը բացուեցաւ, եւ ահա ձայն մը լսուեցաւ երկինքէն, ուր Աստուած իր Որդին յայտնեց ըսելով. «Ահաւասիկ իմ սիրելի որդիս, զոր հաճեցայ ընտրել»: Իսկ երրորդ յայտնութիւնը, զոր մի քանի օր ետք պիտի ապրինք տեղի պիտի ունենայ Գալիլիոյ Կանա քաղաքին մէջ, ուր Քրիստոս առաջին անգամ հրապարակաւ հրաշք պիտի գործէ ջուրը գինիի վերածելով: Այս հրաշքով Քրիստոս իր Փառքը պիտի յայտնէ եւ իր աշակերտները պիտի հաւատան իրեն: Հետեւաբար, Յայտնութեան տօնը կամ ծիսական շրջանը զոր այս օրերուն կ՛ապրինք` յիշեալ երեք խորհուրդներուն յիշատակը կը բովանդակէ, առանց մոռնալու սակայն Քրիստոսի առաջին յայտնութիւնը` իր Ծնունդը:
Այսօրուայ աւետարանին մէջ գլխաւոր կերպով ի յայտ կու գայ մեզի Յովհաննու կարապետին պատկերը: Յիսուսի վերջ մեծագոյն դէմքը կամ անձնաւորութիւնը Աւետարաններու մէջ, որով գլխաւոր քարոզիչը կը հանդիսանայ Աստուծոյ Թագաւորութեան: Ան կը նոյնանայ Եսայի մարգարէի կողմէ նախատեսուած «Անապատի մէջ բարձրացող ձայն»ին հետ, որ կ՛ըսէ. « Ձայնն է անոր, որ կ՛աղաղակէ անապատին մէջ. պատրաստեցէք Տիրոջ ճանապարհը. հարթեցէք անոր շարաւիղները» (Մարկ 1, 3):
Յովհաննէսի քարոզութիւնը իր հոգիին եւ կեանքին` զգեստին եւ կերակուրին պէս պարզ ու ժուժկալ է: Կարելի է երկու բառերու մէջ խտացնել` Ապաշխարհանք եւ Արդարութիւն: «Ապաշխարեցէք, որովհետեւ մօտեցած է երկնքի արքայութիւնը.... Ապաշխարհանքի պտուղներ տուէք... կացինը ծառին արմատին քով դրուած է, եւ ամէն ծառ, որ բարի պտուղ չի տար, պիտի կտրուի եւ կրակ նետուի» (Ղուկ. գ 7-9):
Ու կ՛աւելցնէ. «Ով որ երկու հանդերձ ուն, մէկը` չունեցողին թող տայ: Նոյնը նաեւ կերակուրին: Պետական պաշտօնեաներ իրենց թոշակով թող գոհանան. ժողովուրդէն աւելի չպահանջեն, անիրաւութիւն չընեն, չզրպարտեն ոչ ոք» (Ղուկաս գ, 10-14):
Տեսնելով Յովհաննէսի ուժեղ քարոզութիւնը եւ հեղինակութիւնը, ոմանք իրեն մէջ Մեսիան կը տեսնէին, սակայն Յովհաննէս կ՛ըսէր. « Ես ձեզ կը մկրտեմ ջրով ի նշան ապաշխարանքի, բայց ինձմէ ետք եկողը հզորագոյնն է, որուն կողիկներուն կապն անքամ քակելու արժանի չեմ ես. Ան ձեզ պիտի մկրտէ Ս. Հոգիով եւ կրակով»:
Քրիստոս մեծ համարում ունի Յովհաննէսի մասին եւ առիթով մը զայն որակեց մարգարէէն աւելի մեծ մէկը .« Ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի կիներէ ծնածներուն մէջ Յովհաննէս Մկրտիչէն աւելի մեծ մէկը չէ ելած, բայց երկնքի արքայութեան մէջ փոքրիկը անկէ մեծ է»:
Մեր հայոց եկեղեցիին մէջ Աստուածածինէն յետոյ մեծագոյն սուրբը կը նկատուի Յովհաննէս: Հայ եկեղեցին չորս անգամ տօնախմբութիւն սահմանած է անոր համար: Իրեն ի պատիւ զանազան շարականներ ու տաղեր յօրինուած են, սրտառուչ են սակայն Ջրօրհնէքի տաղերը որոնց մէջ գլխաւոր տեղը կը գրաւէ Յովհաննէս Մկրտիչ: Թող Տիրոջ անունը փառաւորուի յաւիտեանս յաւիտենից իր սուրբերուն մէջ. ամէն:
Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ.
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս:







All the contents on this site are copyrighted ©.