2015-01-09 09:34:27

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Սեւ Նազովրեցիի արձանին աւանդական թափօրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Մանիլա քաղաքին մէջ, 1606ի հնաւուրց դարերէն` մնացած աւանդական Սեւ Նազովրեցիի արձանի թափօրը տեղի կ՛ունենայ Ուրբաթ, 9 յունուարին, ներկայութեամբ բազմաթիւ հաւատացեալներուն։
Սեւ Նազովրեցիի արձանը Ֆիլիփինեան կղզեխումբը հասած է 1606 թուականին Օգոստինեան միաբանութեան առաջին միսիոնարներու օրով, երբ անոնք մուտք գործած են Մանիլա քաղաքը։
Արձանը շինուած է Մէքսիքոյի մէջ. Ան կը ներկայացնէ Փրկիչը ծունկի ինկած՝ խաչի ծանրութեան պատճառաւ։
Արձանին հրաշագործ ըլլալու պատմութիւնը` մեզի հասած է պատահած մէկ դէպքի մը միջոցաւ. Նաւ մը որ արձանն ու միսիոնարները կը փոխադրեր, նաւարկութեան ընթացքին հրթիռի կ՛ենթարկուի եւ կը կործանուի, արձանն ու միսիոնարները սակայն դուրս կու գան է անաղարտ եւ անեղծ։
Արձանը զետեղուած է Մանիլա քաղաքի շրջակայքը գտնուող Լունէթ շրջանի Սուրբ Նիքոլա Տի Թոլէնթինոյ եկեղեցւոյ մէջ եւ հոն մնացած է մինչեւ 1700։ Ապա թեմի արքեպիսկոպոս Պազիլիօ Սանչովիի հրամանով արձանը փոխադրուած է եւ մինչեւ այսօր կը գտնուի` Քուիաբօ կոչուած եկեղեցւոյ մէջ։
Արձանին հանդէպ հաւատացեալներու ունեցած ջերմեռանդութիւնը իր հաւանութիւնը գտած է նաեւ Սուրբ Աթոռի կողմէ, երբ 1650 թուականին, Իննոչէնցօ Ժ Քահանայապետը ''Նազովրեցի Յիսուս'' միաբանութիւնը ճանչցած է պաշտօնապէս ու ապա Պիոս Է. Քահանայապետի օրով, 19 դարուն, ամբողջական մեղքի քաւութիւն շնորհուած է բոլոր անոնց որ ''Սեւ Նազովրեցիի'' արձանին դիմած են աղօթքով եւ ողորմութեան գործերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.