2015-01-09 09:16:15

Ֆիլիփինեան կղզեխումբը, Ասիայի ամենամեծ կաթողիկէ երկիրը, կը պատրաստուի ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունիլ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Ֆիլիփինեան կղզեխումբը այցելելով` յառաջիկայ 15 Յունուարին ինքզինք պիտի գտնէ իր տան մէջ, քանի այս երկրին բնակչութեան մեծամասնութիւնը կաթողիկէ են, շուրջ 85 տոկոսը։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբը արեւելեան Թիմորի հետ Ասիայի ցամաքամասի միակ երկիրներ են որոնք մեծամասնութեամբ կաթողիկէ են։ Հակառակ որ երկիրը ունի աշխարհիկ սահմանադրութիւն, եկեղեցին մեծ ազդեցութիւն ունի քաղաքական ու առօրեայ կեանքին վրայ։ Ամիսներէ ասդին մամուլը մշտատեւ կը խօսի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցելութեան մասին։ Նշենք որ սպանացի գաղութատէրերը կաթողիկէ հաւատքը տարածեցին 16-րդ դարուն, Տոմինիքեան, ֆրանչիսկեան ու Յիսուսեան միաբանութիւններու միջոցաւ։ 1898 թուականին Սպանիան կորսնցուց իր գերիշխանութիւնը Ֆիլիփինեան կղզեխումբին վրայ, ԱՄՆի դէմ մղած պատերազմով։
Հակառակ ԱՄՆի ներկայութեան ու անոր տրամադրած ֆինանսաւորումին բողոքականութեան ի շահ, բողոքականութիւնը յաջողութիւն չգտաւ եւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակիչները` շուրջ 100 միլիոն, հաւատարիմ մնացին կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Աղքատութիւնը սակայն կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար կը մնայ մեծ մարտահրաւէր մը։ Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն ասդին եկեղեցին դարձած է փաստաբանը ընչազուրկին ու մշակին։ 1970էն ասդին Եկեղեցին կը գործէ երկրին հանրավարութեան ի նպաստ։ Դժբախտաբար երկրին հարստութիւնը տակաւին կը մնայ փոքրաթիւ մեծահարուստ ընտանիքներու ձեռքը։ Երկրին մէկ երրորդը աղքատ է։ Եկեղեցին կը մնայ կեդրոնը ընկերութեան եւ Պետութիւնը յաճախ անոր օգնութիւնը կը հայցէ ոչ միայն ընկերային տագնապներու լուծումին այլեւ կը խնդրէ անոր միջնորդութիւնը արիւնալի ընդհարումներուն` համայնավարութեան ու ծայրայեղ մահմետականներու դէմ։ Յայտնենք որ Հռոմի Եկեղեցւոյ համար Ֆիլիփինեան կղզեխումբի կղերը մեծ սատար մըն են խաղաղական աշխարհամասի աւետարանումին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.