2015-01-09 10:21:58

Ս. Աթոռի պետական քարտուղարի մամլոյ ելոյթը ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Սիրի Լանքա ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը` կարդինալ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սիրի Լանքա ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան մասին Վատիկանի հեռուստատեսիլի հետ ունեցած ելոյթի մը ընթացքին ըսաւ. ''Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Ասիայի ցամաքամասին մէջ կը յենու երկու սիւներու վրայ. Առաջինը` եղբայրսիրական գործունէութիւնը առողջապահական ու դաստիարակչական մարզերու մէջ։
Երկրորդը` կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը որ այսօր աշխարհի համար էական է ու հետեւաբար կը դառնայ պարտականութիւնը բոլոր կրօններու։ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Ֆիլիփինեան կղզեխումբի ու Սրի Լանքայի մէջ, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի մէջ` ծանուցանել Աւետարանը, ու հռչակել Յիսուսի բարի լուրը, որ աղբիւր է կեանքի ու յոյսի բոլոր մարդոց համար։ Ասիական ցամաքամասը օրրանն է աշխարհի մեծ կրօններու - ըսաւ Կարդինալ Փարոլինը ընդգծելով որ Սրի Լանքան ճանչցաւ մեծ բարգաւաճում կրօնական ներդաշնակութեան գետնի վրայ։ Մեր մաղթանքն է որ Սրի Լանքան կարողանայ շարունակել ապահովել միջկրօնական երկխօսութիւնը ու համագործակցութիւնը։
Իր կեցութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Մատհու սրբավայրը`
խորհրդանիշը կամուրջ եկեղեցւոյ մը, որովհետեւ այդ սրբավայրը դարձած է կեդրոնը աղօթքի ու կեդրոնը հանդիպումին։ Մատհու սրբավայրը երկրին մէջ շատ ճանչցուած է ու գնահատուած եւ այլ կրօններու պատկան հաւատացեալները եւս յաճախ կայցելեն զայն։
Գալով Ֆիլիփինեան կղզեխումբին, անոր բնակիչները, որոնք մեծամասնութեամբ կաթողիկէ են հաւաքական աղօթքով կը պատրաստուին Քահանայապետի այցելութեան։ Ֆիլիփինեան կղզեխումբը մեծ ու կեդրոնական դեր կը կատարէ շրջանի երկիրներու երիտասարդներու կազմաւորումին շրջագիծէն ներս։ Եկեղեցին մեծ դեր կը կատարէ երկրին բարգաւաճման ու հասունութեան գծով։
Տեղական եկեղեցին գիտակից իր կենսունակութեան, մեծ թիւով միսիոնարներ կու տայ աւետարանացումին ու Աւետարանի քարոզութեան ի խնդիր։
Իր այս ճամբորդութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յատկապէս պիտի խօսի Աստուծոյ ողորմութեան ու կարեկցութեան մասին։ Ողորմութիւն մը ու կարեկցութիւն մը որ կը դարմանէ ու կը մխիթարէ։ Այդ ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը պիտի հրաւիրէ ամէն հաւատացեալ իր նպաստը բերելու որպէսզի ընկերութեան վէրքերը դարմանուին ու ցաւերը ամոքուին - յայտնած է Կարդինալ Փարոլին Վատիկանի հեռուստակայանին հետ ունեցած ելոյթի ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.